2013-08-24 12:37:02

Թիւնիզի Կաթողիկէ Եկեղեցին Կը Կազմակերպէ Աղօթքի Օր Արաբ Աշխարհի Համար Խաղաղութեան Ի Նպաստ


Թիւնիզի կաթողիկէ եկեղեցին, նախաձեռնութեամբ անոր առաջնորդ՝ գերապայծառ Անթոնիացոյի, կը կազմակերպէ Միջին Արեւելքի ու ափրիկէի արաբական աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթքի ու ծոմապահութեան օր, որ տեղի կ՜ունենայ կիրակի 25 Օգոստոս ։ Թիւնիզի առաջնորդը իր ուղղած կոչին մէջ ընգծեց թէ, մենք կը հաւատանք որ Աստուած միակ Տէրն է՝ Պատմութեան, եւ կը հաւատանք որ նոյնիսկ փորձանքները կը սատարեն մարդու բարիքին համար եւ ամէն տառապեալ կը յուզէ ողորմած Տիրոջ սիրտը , կը հրաւիրենք հիւանդները որ իրենց ցաւը նուիրեն այդ դիտաւորութեան համար։ Յայտնենք որ գերապայծառ Անթոնիացին անդամ է Երուսաղէմի լատին կղերին ապա նշանակուած է առաջնորդ՝ Թիւնիզի կաթողիկէ համայնքին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.