Ս. Աթոռը Հակառակ է Սուրիոյ մէջ Միջազգային Ոյժերու Միջամտութեան
Մինչ միջազգային մամուլը անգամ մը եւս կը խօսի՝ Սուրիոյ բանակին կողմէ կարծեցեալ քիմիական
զէնքերու գործածութեան, Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի, Ս. Աթոռի մնայուն դէտը` ՄԱԿի Ժընեւի
կեդրոնին մօտ, անգամ մը եւս վերահաստատեց Վատիկանի հակառակութիւնը միջազգային ոյժերու
միջամտութեան։ Դիւանագէտը, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով, կոչ ըրաւ խոհեմութեան
՝ հայող այն լուրերուն որ կը վերագրեն Սուրիոյ բանակին քիմէական զէնքի գործածութիւնը։
Ան իր կոչին մէջ ընդգծեց առանց նախապայմանի բանակցութեան, ժամանակաւոր կառավարութեան
մը ստեղծում , սահմանելով որ բռնութիւնը ոչ մէկ լուծում կը բերէ։ Պատմութիւնը մեզի
կը սորվեցնէ թէ Միջին Արեւելքի, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի փորձառութիւնները ոչ մէկ դրական
արդիւնք տուած են եւ հետեւաբար վաւեր է այն սկզբունքը` ''պատերազմով ամէն բան կը կորսնցնենք''։
Հարկաւոր է դադրեցնել զէնքի ուղարկումը երկու կողմերու, քանի զէնքով կարելի չէ ստեղծել
նպաստաւոր պայմաններ խաղաղութեան ։