2013-08-23 11:07:22

Մուպարաք Բանտէն Ազատ Արձակուեցաւ


Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք երէկ նախատեսուածին նման բանտէն ազատ արձակուեցաւ: Ան ազատ արձակուելէ ետք Թորրա բանտէն ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ Մաատիի զինուորական հիւանդանոց, ուր պիտի մնայ տնային կալանքի տակ:
Տասնեակներով համակիրներ հաւաքուած էին բանտին առջեւ եւ անոնցմէ ոմանք եգիպտական դրօշներ բարձրացուցած էին:
«Շապապ 6 ապրիլ» շարժումը յայտարարեց, որ այսօր կէսօրուան ժամը մէկին Գերագոյն դատարանին շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց մը պիտի կատարէ` դատապարտելու համար պաշտօնէն հեռացուած նախագահին ազատ արձակումը:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ապահովական մարմինները ձերբակալած են Իսլամ եղբայրներու 75 ղեկավարներ ու անդամներ, եւ անոնցմէ 3-ին մօտ 1,450,000 միլիոն տոլար կեղծ թղթադրամներ յայտնաբերուած են, ինչպէս նաեւ ատրճանակ մը եւ փամփուշտներու հետքեր կրող ինքնաշարժ մը:
Եգիպտական «Ժումհուրիա» օրաթերթը հաղորդեց, որ 25 յունուար 2013-էն ի վեր եգիպտացի ոստիկաններու շարքին արձանագրուած է 342 զոհ եւ 10,316 վիրաւոր: 14 օգոստոսէն 21 օգոստոս երկարող ժամանակաշրջանին ոստիկաններու շարքին արձանագրուած է 102 զոհ եւ 698 վիրաւոր:







All the contents on this site are copyrighted ©.