2013-08-23 11:51:31

Զուիցերիոյ Եպիսկոպոսները Զօրակից Են Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն


Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական դասը հինգշաբթի 22 օգոստոսին յայտնած է իր զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ յուզումով ու տխրութեամբ կ'արտայայտուի Եգիպտոսի ողբերգական իրավիճակին մասին ու Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող ընդհարումներուն, մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ։ Եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն հաւատացեալները յառաջիկայ 24 օգոստոսին աղօթքի հսկում կատարեն ՝Եգիպտոսի զոհերուն համար, որպէսզի Տէրը պահպանէ բոլոր անհատները որոնք զոհ են բռնութեան եւ անարդարութեան ու բանայ մարդոց սրտերը՝ խաղաղութեան, որովհետեւ մեր Աստուածը խաղաղութեան Աստուած է։
Ռուսիոյ մուֆդիները իրենց կարգին կոչ ըրած են Եգիպտոսի իսլամներուն որ հանդիսանան պաշտպանը ՝ քրիստոնեաներուն, որակելով 'իսլամ եղբայրները' որպէս սատանայական խմբակ մը։ Հարկաւոր է խստիւ պատժել զանոնք քանի կը բռնաբարեն ու կը սպաննեն մարդիկը, կը պղծեն ու կ'այրեն մզկիթներն ու եկեղեցիները, կը թալանեն թանգարաններն ու մատենադարանները։
Յայտնենք որ Եգիպտոսի քաղաքական պատերազմի հետեւանքով կործանուած ու կողոպտուած են 80 եկեղեցիներ, վանքեր, քրիստոնեայ դպրոցներ ու հիւանդանոցներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.