«Եթէ Քիմիական Զէնքի Օգտագործումը Հաստատուի, Սուրիական Վարչակարգին Դէմ Պէտք Է Ուժ Կիրարկել»
Կ՛ըսէ Ֆապիւս
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս «Պէ.Էֆ.Էմ. Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին
հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը
հաստատուի, ապա պէտք է ուժի կիրարկումով հակադարձել: Ան բացառեց Սուրիա ուժեր ուղարկելու
ընտրանքը: Ֆապիւս ըսաւ, որ եթէ քիմիական զէնքի կիրարկումին վարկածը «հաստատուի», ապա
«հակադարձութիւնը միայն միջազգային դատապարտումով պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ ուժի կիրարկումով»: Ան
նշեց, որ ամերիկացիներուն, բրիտանացիներուն եւ ֆրանսացիներուն կողմէ հակադարձութեան կարելիութիւններ
կան, սակայն գետնի վրայ ուժեր ուղարկելը «բացառուած է»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար
Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ շուրջ միացեալ կեցուածք պէտք
է որդեգրէ` նշելով, որ սուրիական կառավարութիւնը շատոնց «կարմիր գիծերը» շրջանցեց: Թուրքիոյ
մէջ իրանեան դեսպանատունը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իրանի արտաքին
գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Տաւութօղլուի
հետ եւ յայտնած, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը անընդունելի է` աւելցնելով, որ նոյնիսկ
եթէ ատիկա օգտագործուած է, ապա ատոր համար սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է ամբաստանուի
եւ ոչ թէ վարչակարգը: Չորեքշաբթի տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին
Տաւութօղլու իր պաշտօնակիցէն խնդրած է, որ ճնշում բանեցնէ սուրիական վարչակարգին վրայ,
որպէսզի վերջինս ՄԱԿ-ի հետաքննիչ յանձնախումբին արտօնէ դէպքին վայրը քննել: Բրիտանիոյ
արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը սուրիական
կառավարութեան կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցը յստակացնելն է: Նշենք, որ ՄԱԿ-ի
Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման տարաձայնութեանց նկատմամբ
մտահոգութիւն յայտնեց եւ կոչ ուղղեց անոնց շուրջ առարկայական հետաքննութիւն կատարելու: