«Անգարա Մուրսիի Հետ «Գաղտնի Դիւանագիտութիւն» Կը Վարէ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Քանալ24» պատկերասփիւռի
կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը`
ՄԻԹ-ը 30 յունիսին Եգիպտոսի իրավիճակի ապակայունացումէն առաջ բանակցութիւններ վարած է
Մոհամետ Մուրսիի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ ըստ Տաւութօղլուի,
իրադարձութիւններէն տասը օր առաջ վարչապետին յանձնարարականով Գահիրէ ժամանած է արտաքին
գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, որ հանդիպում ունեցած է Մուրսիի եւ ուժային կառոյցներու
լիազօրուած անձերու հետ: Տաւութօղլու ըսած է, որ ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան կատարած
է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրահանգը, որովհետեւ Անգարան այդ շրջանին Եգիպտոսի
մէջ ծաւալած իրադարձութիւնները «ծայրայեղ ծանր» կը նկատէր: «Ատկէ ետք այնտեղ ժամանեց
ՄԻԹ-ի ղեկավարը` արտակարգ իրավիճակ չհաստատելու ցանկութեան մասին յայտնելու համար, որովհետեւ
կը տեսնէին իրավիճակի ծայրայեղ ծանր ըլլալը: Ապա կատարեցինք Եգիպտոսի մէջ անվտանգութեան
մակարդակի գնահատում», ըսած է Տաւութօղլու: Նախարարը նշած է, որ «նման դիւանագիտութիւն»
Մուրսիի հետ կը տարուի մինչեւ օրս: «Ես առաջին անգամ այդ մասին կը յայտնեմ, եւ ատիկա
վնաս կը հասցնէ մեր աշխատանքին: Մենք չենք կրնար աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւն վարել`
բանակցութիւններ վարելով ժամանակաւոր իշխանութիւններու հետ, սակայն չհանդիպելով Մուրսիի
հետ: Ատիկա արդէն ոչ թէ աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւն է, այլ` զինուորական յեղաշրջման
օրինականութեան ճանաչում», նշած է նախարարը` աւելցնելով, որ գաղտնի դիւանագիտութեան վարումը
անհրաժեշտութիւն է: Անդրադառնալով Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի ազատ
արձակման` ան յայտարարած է. «Քանի տակաւին Մուրսին արգելափակուած է, Հիւսնի Մուպարաքի
ազատ արձակուիլը պիտի փոխէ իրադարձութիւններու ընթացքը: Թուրքիան չի կրնար բանակցութիւններ
վարել ներկայ վարչակազմին հետ, այնքան ատեն որ իրեն չեն լիազօրած հանդիպումներ ունենալ
Մուրսիի հետ»: