2013-08-22 12:37:28

''Հաւատոյ Տարուայ'' Առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրատարակած Շրջաբերական Թուղթէն Հատուածներ։


Այսօր կ՛անդրադառնանք` ՉՈՐՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽԻՆ

ՉՈՐՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽ - ''Աստուած կը պատրաստէ անոնց քաղաքը'' (Եբր. 11,16)։
Չորրորդ գլուխը կը ներփակէ չորս հատուածներ.
- Հաւատքը եւ ընդհանուր բարիքը (50-51)։
- Հաւատքը եւ ընտանիքը (52-53)։
- Լոյս մը ընկերային կեանքին համար (54-55)։
- Մխիթարանքի ներոյժ տառապանքի պահուն (56-57)։
''Աստուած կը պատրաստէ անոնց քաղաքը'', ասիկա կը բացայայտէ կապը հաւատքի ու ընդհանուր բարիքի միջեւ։ Հաւատքը, արդարեւ ամուր կը պահէ կապերը մարդոց միջեւ եւ դրականօրէն կը գործէ արդարութեան, իրաւունքի ու խաղաղութեան ի սպաս ։
Ահա այս պատճառաւ հաւատքը հեռու չի պահեր հաւատացեալը աշխարհէն ու դրական յանձնառումներէն։ Շրջաբերական թուղթը կ'անդրադառնայ հաւատքի լուսաւորութեան, հայող՝ ամուսնութեան վրայ հիմնուած ընտանիքին, երիտասարդութեան, ընկերային յարաբերութիւններու, բնութեան, տառապանքի ու մահուան վրայ։ Աստուած կը պարգեւէ իր ներկայութիւնը տառապող մարդուն, ու կը լուսաւորէ անոր մթագնած վիճակը։ Այս իմաստով հաւատքը սերտօրէն կապուած է յոյսի։ Հաւատքի Լոյսը` շրջաբերական թուղթին աւարտին, Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալը հետեւելու Մարիամին` կատարեալ պատկերը հաւատքին։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ'եզրակացնէ (60) ''Հաւատքի լոյսը'' շրջաբերական թուղթը հրաւիրելով հաւատացեալը իր հայեացքը ուղղելու դէպի Մարիամ, Եկեղեցւոյ մայրը, եւ մեր հաւատքի մայրը աղօթելով.
Ով Մայր, օգնութեան հասի՛ր մեր հաւատքին։։
Բաց՛ մեր սիրտը Աստուծոյ Բանին, ճանչնալու Աստուծոյ ձայնը ու անոր կանչը։
Արթնցու՛ր մեր մէջ բաղձանքը հետեւելու անոր քայլերուն, դուրս գալով մեր աշխարհէն եւ ընդունելով անոր խոստումը։
Օգնէ՛ մեզի հրապուրուելու անոր սէրէն, որպէսզի կարողանանք հաւատքով Անոր դպչիլ։
Սորվեցու՛ր մեզի անվերապահութեամբ վստահիլ անոր, հաւատալ անոր Սիրոյն, մասնաւորապէս նեղութեան ու չարչարանքի պահերուն, երբ մեր հաւատքը կանչուած է հասունութեան։
Մեր հաւատքին մէջ ցանէ՛ Յարութեան ուրախութիւնը։
Յիշեցու՛ր մեզի թէ ով որ կը հաւատայ բնաւ առանձին չէ։
Սորվեցու՛ր մեզի դիտել Յիսուսի աչքերով, որպէսզի Ան դառնայ լոյսը մեր ճանապատհին։
Եւ հաւատքի այս լոյսը թող միշտ վառ մնայ, մինչեւ որ հասնի այն անվերաջանալի օրը, որ է Քրիստոսը, քու Որդիդ, մեր Տէրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.