2013-08-22 12:37:44

Գուպայի Կառավարութիւնը Սուրբ Թարչիսիոսի Մատուռը կը Վերադարձնէ Տեղական Նուիրապետութեան


Սուրբ Թարչիսիոսի մատուռը, 52 տարուայ բռնագրաւումէն ետք, Գուպայի կառավարութիւնը կը վերադարձնէ տեղական նուիրապետութեան, յայտարարած է Գուպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը։ Մատուռը արդէն բաց է հաւատացեալներուն եւ կը ծառայէ պաշտամունքի ու կրօնուսուցումի։ Յայտնենք որ Գուպայի կառավարութիւնը հերթաբար կը վերադարձնէ եկեղեցւոյ 1961-ին յեղափոխական վարչաձեւէն բռնագրաուած պաշտամունքի վայրերը, 339 կաթողիկէ դպրոցներ, Հավանա մայրաքաղքի երկու համալսարանները եւ որոշ թիւով եկեղեցիներ ու մատուռներ







All the contents on this site are copyrighted ©.