2013-08-21 11:53:36

Աւստրալիոյ Եկեղեցին Տեղաշարժումի Մէջ է Ի Նպաստ Քաղաքական Ապաստան Դիմողներուն։


Գաղթականներու ու փախստականներու ազգային շաբաթուան առթիւ, որ սկիզբ առաւ 19 օգոստոսին, Աւստրալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը այս առթիւ պատգամ մը ուղղած է քրիստոնեայ հասարակութեան, հաստատելով որ կաթողիկէ հասարակութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել անհատը ու անոր անձեռնմխելի իրաւունքները։ Անհատը պէտք է գերադասել տնտեսական ու անվտանգութեան հարցերէն։
Այս տարուայ Գաղթականներու ու փախստականներու ազգային շաբաթը ունի որպէս բնաբան ''Գաղթականութիւնը. հաւատքի եւ յոյսի ուխտագնացութիւն'' հարկաւոր է որ քաղաքական իշխանութիւնները ազդու պատասխաններ տալ գաղթականներու հարցին։







All the contents on this site are copyrighted ©.