2013-08-20 11:55:59

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Յառաջիկայ 4 Հոկտեմբերին Ասիզի Քաղաքը Կ'այցելէ Սուրբ ֆրանչիսկոսի Տօնին Առիթով։


Ասիզի քաղաքը անհամբեր կը սպասէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը, որ կը նախատեսուի յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին, ս. ֆրանչիսկոսի տօնին առիթով։ Նորին Սրբութիւնը Ասիզի կը հասնի մեծարելու Իտալիոյ պաշտպան սուրբը, հետը տանելով ուխտի իւղը որ կը ծառայէ սուրբին դամբանին առջեւ մշտատեւ վառուած ջահին։
Յայտնենք որ ամէն տարի Իտալիոյ մէկ մարզը ուխտի իւղը կը նուիրէ ս. ֆրանչիսկոսի վանատան։ Այս առթիւ կը նախատեսուի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութիւնը եկած աշխարհի չորս ծագերէն։ Նշենք որ Ասիզի միջնադարեան քաղաք մըն է, Ունեսքոյէն դասուած որպէս համաշխարհային ժառանգութիւնը իր բաձարիկ ժառանգութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.