2013-08-20 14:18:07

Նախագահ Սլէյման Բանակի Հրամանատարութենէն Պահանջեց Ճշդել Հերմելը Թիրախ Դարձնող Հրթիռներուն Արձակման Վայրը


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խիստ ընդվզում յայտնեց Հերմելը հրթիռարձակումի թիրախ դարձնելու երեւոյթին առնչութեամբ եւ բանակի հրամանատարութենէն պահանջեց ճշդել Հերմելը թիրախ դարձնող հրթիռներուն արձակման վայրը եւ յարմար միջոցառումներով լուծել այդ հարցերը:
«Մինչ Լիբանան իր ուժերը զօրաշարժի կ՛ենթարկէ` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին տուած որոշումները գործադրելու իմաստով, անակնկալի դէմ յանդիման կը գտնուի, երբ երկրին որոշ շրջանները հրթիռարձակումի կ՛ենթարկուին եւ կը խանգարեն երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու միջոցառումները», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Պէյթէտտինի պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, զբօսաշրջութեան եւ արդարութեան հարցերու նախարարներու պաշտօնակատարներ Ժըպրան Պասիլ, Ֆատի Ապպուտ եւ Շաքիպ Քըրթպաուի, որոնց հետ քննարկեց քաղաքական եւ ապահովական հարցեր, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումներուն գործադրութեան քայլերը:
Միւս կողմէ, նախարարի պաշտօնակատարները նախագահ Սլէյմանի յանձնեցին ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի է լուծել Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը` թեթեւցնելով լիբանանցիներուն վրայ անոր պարտադրած բեռը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժոզեֆ Հաշեմ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամ, որուն հետ հանրապետութեան նախագահը քննարկեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դէմ Լիբանանի ներկայացուցած բողոքագիրը:







All the contents on this site are copyrighted ©.