2013-08-20 11:09:32

Գահիրէի Եւ Աղեքսանդրիոյ Հայ Համայնքներու Իրավիճակը


Գահիրէի հայ գաղութի կացութիւնը հանդարտ է, թէեւ միութենական գործունէութիւն չկայ, որովհետեւ քաղաքին մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատուած է: Այս մասին Գահիրէէն «Ազդակ»-ին յայտնած է Սուրէն Պայրամեան։
Ան նշած է, որ Գահիրէի Ռամսես հրապարակին վրայ Իսլամ եղբայրներուն կատարած քայլարշաւին ընթացքին ցուցարարները հայ առաքելական եկեղեցւոյ մօտէն անցած են եւ քարեր նետելով` փշրած եկեղեցւոյ նկարազարդուած ապակիները: Ցուցարարները նաեւ քոքթել մոլոթով մը նետած են, սակայն եկեղեցւոյ պահակները անմիջապէս մարած են կրակը:
Աղբիւրին համաձայն Գահիրէի մէջ ընդհանրապէս եկեղեցիներու դէմ մեծ յարձակումներ չկան, որովհետեւ ապահովական ուժերը խիստ միջոցառումներ որդեգրած են` աւելցնելով, որ եկեղեցիներու դէմ յարձակումները ընդհանրապէս երկրին ծայրամասերուն մէջ կը կատարուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.