2013-08-19 12:04:30

Ուաշինկթըն Եգիպտոսի Կացութիւնը Ցաւալի Եւ Բազմաթիւ Մտավախութիւններ Յառաջացնող Կը Նկատէ


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մօտէն կը հետեւին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող ներկայ իրադարձութիւններուն: Ան ըսաւ, որ աշխարհի ամբողջ տարածքին քաղաքացիներ խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքը ունին, «եւ ասիկա այն հարցն է, որ Ուաշինկթըն միշտ պահանջած է»:
Փսաքի նշեց, որ «խաղաղ ցոյցերու ընթացքին բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներու սպանութեան լոյսին տակ` Եգիպտոսի մէջ ներկայ կացութիւնը շատ ցաւալի է եւ բազմաթիւ մտավախութիւններ կը ստեղծէ»:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի ողջունեց «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Եգիպտոսի շուրջ հաղորդագրութեան մը հրապարակումը մերժող Չինաստանի եւ Ռուսիոյ կեցուածքը, որ եգիպտական տեսակէտին նկատմամբ հասկացողութենէ կը բխի»:
Ան նշեց, որ «Եգիպտոսի նախագահութիւնը առաջինն էր, որ ցաւ յայտնեց զոհերու արձանագրութեան համար եւ հաշտութեան կարեւորութիւնը շեշտեց ու խոստացաւ ոչ ոք լուսանցքայնացնել, սակայն Իսլամ եղբայրներ շարժումը ինքն էր, որ մերժեց»:







All the contents on this site are copyrighted ©.