2013-08-19 13:10:10

ՄԱԿ-ի Քիմիական Զէնքի Փորձագէտները Այսօր Սուրիոյ Մէջ Իրենց Աշխատանքին Կը Սկսին


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ իր աղբիւրին յղում կատարելով կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի քիմիական զէնքի հարցով փորձագէտները Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ կիրարկման վայրին մէջ իրենց աշխատանքներուն պիտի սկսին այսօր:
Ըստ աղբիւրին, արեւմտեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած տեղեկութիւնը այն մասին, որ փորձագէտներու խումբը 18 օգոստոսին Դամասկոս պիտի հասնէր, ճիշդ է:
Ըստ անոր, ամենայն հաւանականութեամբ փորձագէտները իրենց աշխատանքներուն պիտի սկսին իրենց հասնելուն յաջորդ օրը` 19 օգոստոսին:
Պաշտօնապէս յայտարարուած է, որ փորձագէտները պէտք է ուղեւորուին Հալէպի Խան Ասալ թաղամաս, ուր, ըստ Սուրիոյ իշխանութիւններուն, 19 մարտին զինեալները սարին տեսակի թունաւոր կազ գործածած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.