2013-08-17 11:24:31

''Հաւատոյ Տարուայ'' Առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրատարակած Շրջաբերական Թուղթէն Հատուածներ։


''Հաւատքի Լոյսը'' ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ ստորագրուած առաջին շրջաբերական թուղթն է։ Ստորաբաժանուած է չորս գլուխներու , առաւել ներածական մը ու եզրակացութիւն մը։
Վերոյիշեալ շրջաբերական թուղթը, ներշնչուած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի հաւատոյ տարուայ առթիւ սկսած շրջբերական թուղթի շարադրութենէն, ինչպէս կը բացայայտէ նոյնինքն ֆրանչիսկոս Պապը, եւ շարունակութիւնն է Պենետիկտոս ԺԶ-ի ''Սիրոյ'' ու ''Յոյսի'' մասին գրած արժէքաւոր շրջաբերական թուղթերուն։


Այսօր կ՛անդրադառնանք` ՆԵՐԱԾԱԿԱՆԻՆ

ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ (1-7) Ներածականը կը ներփակէ երեք հատուածներ.
- Հաւատքի լոյսը (1)։
- Ցնորքային լոյս (2-3)։
- Վերահասկնալի լոյս մը (4-7)։
''Հաւատքի Լոյսը'' ներածականը կը բացայայտէ դրդապատճառները շրջաբերական թուղթին.
- նախ եւ առաջ, վերագտնել հաւատքի հայող լոյսը, կարող լուսաւորելու մարդու գոյութիւնը, օգնելու զատորոշելու համար բարին չարէն, մասնաւորապէս ներկայ ժամանակաշրջանին մէջ, ուր ՜՜հաւատալը՝՝ կ'ընդդիմանայ ՜՜փնտռտուքի՝՝ եւ հաւատքը նկատուած է որպէս ցնորք մը, պարապութիւն մը որ արգելք է մարդու ազատութեան։
- Եկրորդ` ''Հաւատքի տարին սկսաւ, Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Վատիկանեան Բ ժողովը եղաւ ՜՜ժողով մը հաւատքի մասին՝՝, կը նպատակադրէ ամրապնդել ու ընդարձակել հորիզոնը հաւատքի։ Հաւատքը, արդարեւ, կանխարկած ենթադրութիւն մը չէ, այլ Աստուծոյ մէկ պարգեւը, որ պէտք է սնուցանել ու ամրապնդել։ ''Ով որ կը հաւատայ, կը տեսնէ'' կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, որովհետեւ հաւատքի լոյսը Աստուծմէ կու գայ եւ կարող՝ լուսաւորելու մարդու ամբողջ գոյութիւնը. անցեալէն կու գայ Յիսուսի կեանքի յիշողութենէն, կու գայ նաեւ ապագայէն, որովհետեւ ընդարձակ հորիզոններ կը բանայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.