2013-08-13 10:38:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 15 Օգոստոսին Գասդել Կանտոլֆոյի Մէջ։


Յառաջիկայ 15 օգոստոսին Աստուածամօր վերափոխման տօնին առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, Գասդել Կանտոլֆոյի մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ, Քահանայապետական ամարանոցի պալատի մուտքի դիմաց գտնուող հրապարակի վրայ, ու ապա նոյն վայրէն կ՛ արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Յայտնենք որ վատիկանեան սովորութիւն է որ Քահանայապետը ամառնային շրջանը անցնէ Գասդել կանտոլֆոյի քահանայապետական պալատին մէջ սակայն ֆրանչիսկոս Պապը ընդհատելով այս սովորութիւնը նախընտրած է Հռոմի մէջ անցնել ամառնային շրջանը։
Նշենք նաեւ որ յառաջիկայ 15 օգոստոսին Գասդել Կանտոլֆոյ կատարած այցը կը հանդիսանայ ֆրանչիսկոս Պապի երրորդը։ Ան առաջին անգամ Գասդել Կանտոլֆոյ ամարանոց փոխադրուած էր իր գահակալութենէն անմիջապէս ետք` 23 մարտին, հանդիպելու համար Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին որ այդ օրերուն բնակութիւն հաստատած էր այնտեղ։ Իսկ Կիրակի 14 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Պապը, պաշտօնական առաջին այցելութիւն մը կատարեց Գասդել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոց` ուր հանդիպում ունեցաւ Քահանայապետական պալատի աշխատակազմին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ալպանօ Թեմի եպիսկոպոսը գերապայծառ Մարչէլլօ Սէմէրարօ եւ Գասդել Կանտոլֆոյի Քաղաքապետ` Տիկ. Միլավիա Մոնաքեզին։
Քահանայապետական պալատի աշխատակազմի հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ըսաւ. ''եկած եմ ձեզի իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու քահանայապետական պալատէն ներս ձեր աշխատանքին համար...թող Տէրը ձեզի նեցուկ կանգնի եւ իր շնորհքներով լիացնէ ձեզ ու իր հայրական սիրով ձեցի ընկերանայ''։
Իր խօսքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց իրեն նախորդներուն` Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետներուն որ ''կը սիրէին ամառնային շրջանը անցնել այս գեղեցիկ վայրին մէջ։Անոնց վկայութիւնը ըլլայ միշտ քաջալերանք Քրիստոսի առօրեայ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու եւ խթան` ապրելու Աւետարանական ու Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն կեանք մը։'' - ըսած էր ֆրանչիսկոս Պապը ներկաները յանձնելով Աստուածամօր հովանիին ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ։







All the contents on this site are copyrighted ©.