Հայկական Եկեղեցւոյ Հիմնադրամը Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութենէն Պահանջած Է Տրամադրել
«Ազգութեան Ծածկագիրով» Հայերու Ցանկը
Թուրքիոյ Ս. Երից Մանկանց հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի տնօրէն Նազար Էօզսահակեան դիմած
է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բնակչութեան եւ քաղաքացիներու հարցերով վարչութեան`
տեղեկատուութեան ազատութեան մասին օրէնքին հիմամբ պահանջելով թիւ 2 ծածկագիրը կրող անձերու
ցանկը: Նազար Էօզսահակեան տեղեկացուցած է, որ իրենք եկեղեցւոյ հիմնադրամի ընտրութիւններուն
համար կ՛ուզեն ունենալ Պոլսոյ շրջանին մէջ բնակող հայերու ցանկը: «1923-էն մինչեւ
հիմա բնակչութեան ցանկերուն մէջ հայ համայնքի ծածկագիրը 2-ն է, եւ այդ տուեալները կը
գտնուին ձեր գերատեսչութեան մէջ: Պոլոճիքէօյի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնադրամի ընտրութիւնը
հիմնականին մէջ տեղի կ՛ունենայ Սարըյեր շրջանի ընտրողներուն կողմէ: Սարըյերի մէջ բնակող
հայ համայնքի ներկայացուցիչները մեր եկեղեցւոյ հիմնադրամի ընտրողներն են: Սակայն յառաջիկայ
ընտրութիւնները մտադիր ենք իրականացնել նաեւ շրջանի տարածքէն դուրս` ընդգրկելով նաեւ
մեր օրերուն Պոլսոյ մէջ բնակող ընտրողները, որպէսզի առաւել ժողովրդավարական ընտրութիւն
կատարելու կարելիութիւն ունենանք: Այդ նպատակով, համաձայն տեղեկատուութեան մասին օրէնքին,
կը խնդրենք տրամադրել թիւ 2 «ազգութեան ծածկագիրը» կրող հայ համայնքի ցանկը», ըսուած
է դիմումին մէջ: Յիշեցնենք, որ ամսուան սկիզբը բացայայտուած էր, որ Թուրքիոյ մէջ ոչ
իսլամ ազգերու ներկայացուցիչները յատուկ թուային ծածկագիրով կը նշուին: Յոյներու ծածկագիրը
1-ն է, հայերունը` 2-ը, իսկ հրեաներունը` 3-ը: