2013-08-13 11:55:09

Թուրքիա Կը Հերքէ, Թէ Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Երկու Եպիսկոպոսները Իր Հողերուն Վրայ Են


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հերքեց, թէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները` յոյն ուղղափառներու Հալէպի առաջնորդ Պուլոս Եազիժի եւ ասորի ուղղափառներու Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսը Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ այն պնդումները, թէ երկու եպիսկոպոսները Թուրքիոյ մէջ արգելափակուած են, «իրականութեան բացարձակապէս չեն համապատասխաներ» եւ «կը ծառայեն կարգ մը շրջանակներու շահերուն, ու անոնց նպատակը Թուրքիան վատ կացութեան մէջ դնելն է»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ երկու եպիսկոպոսները կարելի եղածին չափ շուտ ազատ արձակուին` շեշտելով, որ ինք «ատոր համար իր բոլոր ջանքերը կը թափէ»:
Սուրիոյ տագնապի լուծման «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարումին համար միջազգային գաղտնի ու բացայայտ ջանքերը կ՛արագանան:
Դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւրներ «Քապաս»-ին յայտնեցին, որ այդ խորհրդաժողովի գումարման ձախողութիւնը Սուրիոյ մասնատման օրակարգի քննարկման վերադարձը կը նշանակէ, որովհետեւ տագնապին առնչակից կողմերէն ոեւէ մէկը չի կրնար ճակատամարտը վճռել:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Սուրիոյ մասնատման դիպաշարը, որուն նաեւ «Բ» ծրագիր անունը կը տրուի, «թէ՛ դիւրին է, թէ՛ դժուար», որովհետեւ, եթէ վարչակարգը պատրաստ է երկրին հիւսիսը Սուրիական ազատ բանակին հետ դաշնակից իսլամական պետութեան մը զիջելու, ան առայժմ կը մերժէ Դամասկոսէն հրաժարիլ: Եթէ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ քրիստոնեաներու հետ դաշնակից ալեւիական պետութիւն մը կարելի է, ապա տիւրզիներու` իրենց բնակած շրջաններուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու հարցը բարդ է: Մինչ քիւրտերու ճակատագիրը գրեթէ վճռուած կը թուի, եւ անոնք ամբողջական կամ հիւսիսային Իրաքի նման մասնակի անկախութիւն պիտի ունենան, Դամասկոսի եւ Հալէպի առեւտրականները վարչակարգին հետ եւ անոր դէմ եղող խմբակներու բաժնուած են:
Աղբիւրները կը նշեն, որ թէեւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անջատ պետութեան մը կազմութիւնը կարելի է, սակայն ատիկա իսլամականներուն եւ Սուրիական ազատ բանակին միջեւ կռուախնձոր պիտի մնայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.