2013-08-13 12:06:44

Եգիպտական Բանակը Նահտա Հրապարակին Վրայ Մուրսիի Համակիրներու Նստացոյցին Առջեւ Յաւելեալ Ուժեր Կը Կուտակէ


Եգիպտական բանակը երէկ առաւօտեան Եգիպտոսի պաշտօնազրկեալ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրներու Նահտա հրապարակին վրայ կատարած նստացոյցին առջեւ յաւելեալ ուժեր կուտակեց, մինչ կը նախատեսուէր, որ երէկ Իսլամ եղբայրներու Ռապիա Ատաուիյա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ նստացոյցերու ցրուումի գործողութիւնը ընթացք առնէ:
Ականատեսներ յայտնեցին, որ բանակին պատկանող շուրջ վեց զրահապատ մեքենաներ եւ տասնեակներով զինուորներ հասած են Նահտայի հրապարակին նստացոյցէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ժամեհա կամուրջը, ինչպէս նաեւ հիւանդատար երեք ինքնաշարժներ կանգնած են նստացոյցի վայրին մօտ գտնուող կենդանաբանական պարտէզին մօտ:
երկու նստացոյցերուն ցրուումը հանգրուանային ձեւով տեղի պիտի ունենայ:
Օրաթերթը նշեց, որ ըստ իրերայաջորդ տեղեկութեանց, նախ եւ առաջ պիտի ցրուուի Կիզայի Նահտա հրապարակի նստացոյցը, որովհետեւ շրջանը գրեթէ բնակչութիւն չունի, ինչպէս նաեւ այդտեղ գտնուող տարրերը ապահովական առումով շատ աւելի վտանգաւոր են, քան Ռապիա Ատաուիյայի նստացոյցին մասնակիցները:







All the contents on this site are copyrighted ©.