2013-08-13 11:58:08

«Իրանի Նոր Կառավարութեան Արտաքին Քաղաքականութիւնը Հաւասարակշռուած Պիտի Ըլլայ» Ըսաւ Ռուհանի


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նշեց, որ իր կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը հաւասարակշռուած ընթացք պիտի որդեգրէ` Իրանի մէջ ապահովութեան ու բարգաւաճման իրագործումը երաշխաւորելու համար:
Ան Իրանի խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ հաւասարակշռուած ըլլալ կը նշանակէ ձգտումներուն եւ իրողութեանց միջեւ հաւասարակշռութիւն հաստատել` վստահեցնելով, որ իր կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է Իրանի ազգային շահերուն դէմ լարուածութիւններու կանխարգիլման վրայ:
Ռուհանի շեշտեց, որ այդ քաղաքականութիւնը նաեւ այլ երկիրներու հետ վստահութեան հաստատման վրայ հիմնուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.