2013-08-12 10:45:48

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը:


Կիրակի 11 օգոստոս 2013-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:

Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ընգծեց թէ «մարդուն իսկական գանձը Աստուծոյ սիրոյ մէջ կը գտնուի: Ան է որ միացած կը պահէ ընտանիքը եւ իմաստ կու տայ կեանքին ու մեզ կ՛օգնէ դիմագրաւելու դժուարութիւնները»:

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ իր ճառին աւարտին, Ռամատանի ամսուայ փակման առթիւ, յատուկ խօսք մը ուղղեց մահմետականներուն զանոնք որակելով «մեր եղբայրները», վերահաստատելով հարկաւորութիւնը որ «քրիստոնեաներն ու մահմետականները յանձնառումով աշխատին փոխադարձ յարգանքի ի նպաստ եւ այս ուղղութեամբ դաստիարակելով նաեւ նոր սերունդը»:

Խորհրդծութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց Ասսիզացի Սրբուհի Պայծարը որուն տօնակատարութիւնը կը նշուի այսօր եւ որ «ամէն բան թողուց ինքզինք Աստուծոյ նուիրագործելու աղքատութեան մէջ»: ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ հայցեց Սրբուհի Պայծարի եւ Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի «մեզ օգնեն ապրելու համար օրուան աւետարանը, ամէն մէկը իր կոչումին համաձայն:» Ապա ակնարկելով յառաջիկայ 15 օգոստոսի Աստուածամօր Վերափոխման տօնին Սրբազան Քահանայապետը ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.