2013-08-12 11:31:08

Սուրիացի Քիւրտերու Պաշտպանութեան Համար. Իրաքի Քիւրտերը Չեն Բացառեր, Որ Կրնան Սուրիական Տագնապին Միջամտել


Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանի չէ բացառած, որ քրտական զինեալ ուժերը սուրիացի քիւրտերը իսլամականներէն պաշտպանելու համար կրնան սուրիական տագնապին միջամտել:
Պարզանի յատուկ կերպով նշած է, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը իր բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործէ` պաշտպանելու համար Սուրիոյ քիւրտերը:
Իրաքի քրտական շրջանի ղեկավարի յայտարարութիւնը նախ եւ առաջ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն, ուր կը բնակի քրտական բնակչութիւնը:
Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը իր սեփական կառավարութիւնն ու ուժային կառոյցները ունի:
Միւս կողմէ, Քրտական ժողովրդավար-յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Համիտ Տարուիշ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիական ազգային համաձայնական մարմինն ու Ժողովրդավարական միութիւնը երեք կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութիւն մը կը կատարեն` դադրեցնելու համար քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու եւ ծայրայեղ իսլամական զինեալներու միջեւ բախումները:
Ան նշեց, որ նախաձեռնութիւնը կը բաղկանայ երեք կէտերէ, որոնք են` կռիւները դադրեցնել, ձերբակալեալները ազատ արձակել եւ վերջին բախումներէն առաջ եղող աշխարհագրական կէտերուն վերադառնալ:
Տարուիշ յայտնեց, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ սկզբունքով համաձայն է միջնորդութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.