2013-08-12 11:39:35

Խաղողօրհնէքի Արարողութիւններ՝ Կլենտէյլի «Adventist» Հիւանդանոցին Ու «Արարատ Տան» Մէջ


ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Տարիներէ ի վեր, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը գործակցի նոյն քաղաքի «Adventist» հիւանդանոցին հետ եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, յատուկ արարողութիւն կը կատարուի հիւանդանոցին մէջ։
Արարողութեան ներկայ կ՛ըլլան հիւանդանոցի պատասխանատուներ, պաշտօնեաներ եւ հիւանդներ։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 14ին, առաւօտեան ժամը 9։45ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու սարկաւագները պիտի այցելեն Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցը եւ անոր մատրան մէջ պիտի կատարեն բժշկութեան աղօթք եւ Խաղողօրհնէք։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ արարողութեան։
Արարողութենէն ետք, քահանայ հայրերը պիտի այցելեն հիւանդանոցի հայ հիւանդներուն, պիտի աղօթեն անոնց առողջութեան համար եւ օրհնուած խաղող պիտի բաժնեն։
«ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՄԷՋ
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, Օգոստոս 15ին, կ.ա. ժամը 10ին, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հովիւներուն, Խաղողօրհնէքի արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Միշըն Հիլզի «Արարատ Տան» հիւանդանոցի բաժինին մէջ, որմէ ետք Ս. պատարագ պիտի մատուցուի հաստատութեան մատրան մէջ։
Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։
Արարողութեան մասնակցութիւն պիտի բերէ Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասը։
Պիտի կատարուի հաւաքական խոստովանանք, ապա նաեւ խաղողի օրհնութեան աւանդական արարողութիւնը։
Յաւարտ Ս. պատարագի, եւ համաձայն տարիներու աւանդութեան, առաջնորդ սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը մտերմիկ պահ մը պիտի բոլորեն հաստատութեան պատսպարեալներուն ու անձնակազմի անդամներուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.