2013-08-12 11:18:23

«Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա «Ժընեւ-2»-ը Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Կազմակերպելու Շուրջ Համաձայն Են» Կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընի մէջ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն համաձայն են, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը պէտք է «կարելի եղածին չափ շուտ կազմակերպել»:
Ան յայտնեց, որ ռուս եւ ամերիկացի դիւանագէտներ այս ամսուան վերջաւորութեան հանդիպում պիտի ունենան կազմակերպելու համար այդ խորհրդաժողովը, որ անցեալ մայիսէն ի վեր կը յետաձգուի:
Լաւրով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ Ուաշինկթըն կը գտնուի` մասնակցելու համար «2+2» ժողովին, որուն կը մասնակցին անոնց ամերիկացի պաշտօնակիցները` Ճոն Քերրին եւ Չաք Հէյկըլը: Լաւրով ըսաւ, որ հանդիպումին մթնոլորտը շատ դրական էր:
Քերրի իր կարգին յայտարարեց, որ «մենք եւ մեր երկիրները համաձայն ենք, որ (սուրիական) պետական հաստատութեանց քայքայումէն եւ քաոսի մէջ յայտնուելէն պէտք է զգուշանալ, ինչպէս նաեւ համաձայն ենք, որ վերջնական լուծումը բանակցութեան ճամբով գոյացած քաղաքական լուծումն է»:







All the contents on this site are copyrighted ©.