2013-08-10 08:42:33

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Րիոյի Մէջ Արտասանած Ճառերէն Յատուկ Խօսքեր։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլ կատարած ճամբորդութեան ընթացքին 16 պաշտօնական ճառեր եւ քարոզներ արտասանեց որոնց պարունակութիւնը խստիւ կարեւոր եւ յիշատակի արժանի է։ Նշենք այդ ճառերէն մի քանի հատուածներ։

Բարի գալուստի ճառին մէջ (22 յուլիս 2013) Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ''Ոչ ոսկի ունիմ եւ ոչ արծաթ, հետս բերած եմ միայն ամենաթանկագին արժէքը` Յիսուս Քրիստոսը''։

Սուրբ ֆրանչիսկոս Հիւանդանոցի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ ( 24 յուլիս 2013) ''Աստուածային Նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի անուան Բուժարանը որակեց որպէս ''մարդկային տառապանքի սրբավայր''։Քահանայապետը խօսեցաւ ապա աշխարհի մէջ սիրոյ ու խնամքի կարօտին, միջազգային հասարակութենէն պահանջելով քաջութեան դիրք մը. ''թմրեցուցիչներու ազատութեամբ չէ որ կրնանք սահմանափակել թմրամոլութիւնը այլ հարկ է երիտասարդները դաստիարակել այն արժէքներուն որ հասարակական կեանքի հիմքն են, օգնութեան հասնելով անոնց որ դժուարութեան մէջ կը գտնուին ու անոնց ներշնչելով ապագայի յոյսը։''

Վարժինիայի աղքատներուն հետ հանդիպման ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ''Երեբեք մի վհատիք աշխատելու աւելի արդար ու զօրակից աշխարհի մը համար, ամէն մէկը իր կարողութիւններուն համաձայն թող իր նպաստը տայ վերջ դնելու համար ընկերային անարդարութեան։'' ու աւելցուց ''ընկերութեան մը մեծութիւնը ի յայտ կու գայ չքաւորին հանդէպ անոր ցուցաբերած կեցուածքէն։''

Իսկ Արժանդինցի երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Քահանայապետը ընդգծեց թէ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալը ''զաւեշտ'' մը չէ այլ լուրջ հարց մըն է։ Խաչը կը շարունակէ գայթակղութիւն յառաջացնել սակայն միակ ապահով ճանապարհն է` Յիսուսի ճանապարհը որ մարդեղացաւ եւ ինծի համար իր կեանքը տուաւ։

Հուսկ ՃՄՃ-ի կամաւորներուն արտասանած խօսին մէջ (28 յուլիս 2013) ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` Սիրելիներ, Աստուած ձեզ կը կանչէ վերջնական ընտրութիւն կատարելու, ձեր իւրաքանչիւրին համար յատուկ ծրագիր մը ունի։ Կարեւոր է զայն ճանչնալ, համապատասխանել եւ ուրախութեամբ իրականացնել։
Աստուած ամէնքս կը կանչէ սրբութեան։ Ժամանակաւոր ու յարաբերական մշակոյթը կը քարոզէ որ հարկաւորը վայելքն է, կարեւոր չէ նուիրուիլ ամբողջ կեանքին համար եւ վերջնական ընտրութիւն մը կատարել։ Ես ձեզմէ կը խնդրեմ որ ըլլաք յեղափոխական, հակահոսանք ընթանաք եւ ապրիք երջանիկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.