2013-08-10 11:06:10

Իրան-Հայաստան Ելեկտրականութեան Օդային Գիծի Կառուցումը Թափով Կ՛ընթանայ


Իրան-Հայաստան երկշղթայ ելեկտրականութեան օդային գիծի եւ «Նորաւան» ենթակայանի կառուցումը երկու երկիրներու միջեւ ելեկտրականութեան փոխանակման շնորհիւ ելեկտրականութեան հզօրութիւնը ներկայիս 300 մեկաուաթէն պիտի հասցնէ մինչեւ 1200 մեկաուաթի: «Այն միաժամանակ կը բարձրացնի երկու երկրների եներգահամակարգերի զուգահեռ աշխատանքի իւսալիութիւնը եւ Հայաստանի եներգետիկ անվտանգութիւնը», նշուած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան կողմէ՝ ի պատասխան «Արմէնփրէս»ի հարցումին։
Իրանի եւ Հայաստանի ելեկտրականութեան համակարգերուն միջեւ ելեկտրականութեան փոխանակման հզօրութիւնը ապահովող Իրան- Հայաստան 400 քիլոուաթ երկշղթայ օդային գիծը պիտի սկսի Իրանի սահմանէն եւ պիտի հասնի մինչեւ «Հրազդանի էներգաբլոկ»՝ շուրջ 275 քմ. երկարութեամբ: Նախատեսուած է կառուցել նաեւ «Նորաւան» 400/200 քիլոուաթ ենթակայան:
Ծրագիրը ընթացքի մէջ է, արդէն իսկ կատարուած է հողային, մուտքին յատուկ ճամբաներու կառուցման եւ նախահիմքերու փորման աշխատանքներ: Կը կատարուի նաեւ մետաղեայ կառուցուածքներու, սարքերու եւ սարքաւորումներու ներածման աշխատանքներ:
Ծրագիրի գլխաւոր կապալառուն է «Սանիր» ընկերութիւնը: Օդային գիծի Հայաստանի մէջ գտնուող հատուածի եւ «Նորաւան» ենթակայանի շինարարութեան արժէքը 107.89 միլիոն եուրօ է: Ծրագիրի ֆինանսաւորման 77 տոկոսը գոյացած է «Իրանի արտածման եւ զարգացման բանկ»էն առնուած վարկային միջոցներով, իսկ մնացած 23 տոկոսին ֆինանսաւորումը՝ ծրագիրի պատուիրատու «Բարձրավոլտ ելեկտրացանցեր» ընկերութեան կողմէ: Ծրագիրի բացառիկ կարեւորութենէն մեկնած՝ Հայաստանի Ազգային ժողովը ընդունած է օրէնք մը՝ «Իրան-Հայաստան 400 կվ. լարման ելեկտրահաղորդման օդային գծի Հայաստանի տարածքով անցնող հատւածի շինարարութեան աշխատանքների նկատմամբ հարկային եւ մաքսային վճարների արտօնութիւններ սահմանելու մասին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.