2013-08-09 17:59:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Այցելեց Վատիկանի Ճարտարարուեստական Կեդրոնը։


Ուրբաթ 9 օգոստոսի առաւօտեան,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութեամբ ժամանեց Վատիկանի ճարտարարուեստական կեդրոն ուր հանդիպում ունեցաւ այնտեղ աշխատող պաշտօնեաներուն հետ։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ Վատիկանի Օսսէրվաթորէ Րոմանօ օրաթերթը որուն գրասենեակը կը գտնուի Վատիկանի ճարտարարուեստական կեդրոնի մօտերը եւ որուն պաշտօնեաները առիթը ունեցան ծափողջոյներով բարեւելու Սրբազան Քահանայապետը որ իքնաշարժով անցաւ օրաթերթի գրասենեակի առջեւէն։
Վատիկանի ճարտարարուեստական կեդրոնի գործաւորները մեծ զարմանքով, ուրախութեամբ եւ գնահատանքի զգացումներով ընդունեցին ֆրանչիսկոս քահանայապետի անակնկալ եւ անսպասուած այցելութիւնը։ ֆրանչիսկոս Պապը հետաքրքրութեամբ ուզեց ծանօթանալ կեդրոնի աշխատանքի գործընթացի մասին եւ մի առ մի ողջունեց այնտեղ ներկայ գտնուող գործաւորները։








All the contents on this site are copyrighted ©.