2013-08-09 11:04:17

Մուշի Մէջ Քանդուած Է 44 Հայկական Տուն, Իսկ Հայ Մտաւորականները Կը Լռեն


Շուրջ 2 ամիսէ ի վեր Մուշի մէջ, քաղաքային իշխանութիւններու կարգադրութեամբ, կը քանդուին հայկական տուները, որոնց մէջ այսօր կ՛ապրին քիւրտեր: Զանոնք տեղափոխած են այլ բնակարաններ՝ հայկականութեան վերջին հետքերը Մուշէն ջնջելու նպատակով: Այս մասին յատկապէս կ՛արձագանգէ «Արեւմտահայաստանի եւ ա-րեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ը։
Խումբ մը ուխտաւորներ այս օրերուն այցելած են Մուշ ու ականատես եղած այդ վայրագութիւններուն: Անոնք Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն խումբ մը երիտասարդներ են, որոնք ամէն տարի կ՛այցելեն Արեւմտեան Հայաստան՝ ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի ու «Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի նախաձեռնութեամբ: Վան, Տէրսիմ, Էրզրում, Կարս, Մուշ այցելութիւններ ընդգրկող ծրագիրին մէջ այս տարի յատուկ տեղ ունէր Մուշը, ուր անընդունելի բաներ կը կատարուին։
«Ինչպէս 15 թուին ասում էին՝ բոլոր հայերին կոտորէք եւ նրանց ունեցուածքը ձեզ կ՛անցնի, այսօր էլ ասել են՝ հայերի տները քանդէք եւ նրանց հիմքերից ոսկին կը պեղէք, կը հանէք: Եւ զանգուածաբար սկսել են վայրագութիւնը», յայտնած է «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան:
Մուշ այցելութեան ընթացքին խումբին կ՛ընկերակցէր ծնունդով մշեցի եւ հոն բնակող Արմէն Գալուստը: Ան գիտէ ամէն մէկ տան ու շինութեան պատմութիւնը:
Վերջին 2 ամիսներուն քանդուած է 44 հայկական տուն, մնացած 28ը քանդման վտանգի տակ են: Քիւրտերը հանած են տուներէն, նոր բնակարաններով ապահոված, որպէսզի այդ տարածքին մէջ պանդոկ ու նոր շէնքեր կառուցեն, նշած է Ալվրցեան։
Բարձրացած աղմուկին արձագանգած են թրքական ու միջազգային լրատուամիջոցները՝ ստիպելով կասեցնել շինարարութիւնը: Բայց վտանգը դեռ առկայ է. կասեցնել՝ չի նշանակեր հրաժարիլ տուները քանդելու գաղափարէն:
Երեւոյթը քննադատեցին թուրք մտաւորականներ, իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն առաջարկեց այդ տարածքին մէջ մշակութային կեդրոն ստեղծել՝ պահպանելով հայերէն մնացած վերջին բեկորները: Հայկազուն Ալվրցեան ցաւով նկատել տուած է, որ Հայաստանի մէջ այս մասին լուռ կը մնան։
«Թուրքիայի թուրք մտաւորականները շատ աւելի բարձրացրեցին իրենց ձայնը, քան՝ հայ մտաւորականները: Ես չեմ ասում, թէ հայ մտաւորականութիւնը կարող էր գնալ, կասեցնել, բայց պէտք էր լուրջ աղմուկ բարձրացնել, մասնակցել ստորագրահաւաքին, բարձրացնել այս խնդիրը տարբեր ատեաններում՝ հայկական, թուրքական, միջազգային, լրատուական: Սա ուղղակի Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է», հաստատած է ան:
Մուշի հայկական տուներու կործանումը կանխարգիլելու նպատակով ստորագրահաւաք կազմակերպուած է. անոր կարելի է մասնակցիլ այցելելով akunq.net կայքէջը, ապա 3 Օգոստոսին տեղադրուած՝ «Մուշի հայկական տների քանդումը դադարեցուած է…» վերնագիրով հրապարակման աւարտին պէտք է սեղմել ստորագրահաւաքի ելեկտրոնային հասցէի յղումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.