2013-08-09 11:12:46

Այս Տարի Հայաստանի Ծնունդները Մահերէն Աւելի Են


Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ ծնունդներուն թիւը նուազած է 2.7 տոկոսով, իսկ 2011 թուականին հետ բաղդատելով՝ 6 տոկոսով: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ այս տարի 4.3 տոկոսով նուազած են մահացածները:
1 Յունուար 2013ին հետ բաղդատելով (3026.9 հազար մարդ), այս տարուան Յուլիսին մնայուն բնակչութեան թիւը նուազած է շուրջ 15 հազար մարդով, որուն պատճառը արտագաղթն է:
2013 թուականի առաջին կիսամեակին արձանագրուած ամուսնութիւնները՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, նուազած են 4.3 տոկոսով, իսկ ամուսնալուծութեան պարագաները աճած են 14.2 տոկոսով: 2013ի Յունուար-Յունիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 1000 ամուսնութիւն, 207 ամուսնալուծում, որ 2012ի նոյն ժամանակաշրջանին 173 էր:
Այս տարուան առաջին կիսամեակին, Հայաստանի սահմանային ելեկտրոնային կառավարման տեղեկատուական համակարգով ստացուած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի սահմանային անցման կէտերէ կատարուած արտաքին ճամբորդութիւններուն թիւը կազմած է 1,939 հազար ուղեւորութիւն: Ճամբորդութիւններու հաշուեկշիռը (մուտքերու եւ ելքերու տարբերութիւնը) 2013ի Յունուար-Յունիսին եղած է -95 հազար ուղեւորութիւն:
2013 թուականի Յուլիս 1ի դրութեամբ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը 3,011,9 հազար մարդ է՝ 1,904,4 հազար քաղաքներուն մէջ, 1,107,5 հազար՝ գիւղերուն







All the contents on this site are copyrighted ©.