2013-08-08 11:23:56

Օպամա Ռուսիոյ Մէջ «Քսաններու» Ժողովին Իր Մասնակցութիւնը Կը Հաստատէ


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնած է, որ սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ս. Փեթերսպուրկ` մասնակցելու համար «Քսաններու խմբակի» ժողովին, սակայն չէ յայտնած, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ երկկողմ հանդիպում պիտի ունենա՞յ, թէ՞ ոչ:
Ճէյ Լենոյի յայտագիրին հիւրն ըլլալով Օպամա յայտարարած է, որ հիասթափուած է ռուսական իշխանութիւններու` «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի ժամանակաւոր ապաստան տրամադրելու որոշումէն, սակայն այդ իրողութիւնը չէ ազդած վեհաժողովին մասնակցելու իր որոշումին վրայ:
Օպամա յայտարարած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան առաւել արդիւնաւէտ համագործակցութեան հարցին մէջ որեւէ խոչընդոտ չունին:
«Ռուսերը երբեմն Պաղ պատերազմի մտածելակերպին եւ մտայնութեան կը վերադառնան», ըսաւ Օպամա եւ խօսքը Փութինին ուղղելով աւելցուց. «Ատիկա անցեալ է, եւ պէտք է ապագային մասին մտածենք, որեւէ արգելք չկայ, որ մեզի աւելի արդիւնաւէտօրէն գործակցիլ կ՛արգիլէ»:
Երեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի հաստատած էր, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ պաշտպանութեան նախարարներու ուրբաթ օր Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.