2013-08-08 11:17:36

''Քրիստոնեաներն Ու Մահմետականները Ըլլան Ճշմարիտ Ռահվիրաները Փոխադարձ Յարգանքի Ու Բարեկամութեան'' Կը Գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։


Հինգշաբթի 8 օգոստոսին իսլամական աշխարհը կը նշէ Ռամատանի ծոմապահութեան աւարտը, ''Իտ ըլ ֆըդր''ը, այս տօնին առթիւ աւանդութիւն դարձած է, որ Միջկրօնական Քահանայապետական Խորհուրդը բարեմաղթական պատգամ մը յղէ բոլոր մահմետական աշխարհին որպէս կրօնական երկխօսութեան նշան։
Այս տարի ֆրանչիսկոս Պապը ուզած է անձամբ ստորագրել վերոյիշեալ պատգամը որպէս '' արտայայտութիւն գնահատանքի ու բարեկամութեան հանդէպ բոլոր մահմետականներուն ու մասնաւորապէս կրօնապետերուն։''
Արդարեւ անցեալ 10 յուլիսին հրատարակած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ իր ընտրած ''ֆրանչիսիկոս'' անունին որ ''մեծահամբաւ սուրբի'' անունն է եւ ''որ խորապէս սիրեց Աստուած, ու մարդկային ամէն անհատ, այնպէս որ կոչուած է տիեզերական եղբայր''։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ առաջարկեց խորհրդածութեան նիւթ մը հայող ''թէ իսլամներուն եւ թէ քրիստոնեաներուն` այն է ''դաստիարակութեան ճանպարհով փոխադարձ յարգանքի զարգացումը որ կը նպատակադրէ ընդգծել դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ։

Սրբազան Քահանայապետը արդ բացատրեց ''Յարգանք'' եւ ''Փոխադարձ'' բառերու նշանակութիւնները` ''Յարգանք'' կը նշանակէ բարեկիրթ կեցուածք մը այն անհատներուն հանդէպ որոնք մեր գնահատանքի եւ համարումի արժանի են։ ''Փոխադարձ'' կը նշանակէ որ այս մէկը միակողմանի ընթացք մը չէ, այլ բան մը որ երկու կողմերը կը կիսեն։

Սրբազնա Հայրը ընգծեց թէ ամէն անհատի մէջ ''յարգելու ենք նախ եւ առաջ անոր կեանքը, անոր ֆիզիքական ամբողջութիւնը, անոր արժանաւորութիւնը եւ անկէ բխող իրաւունքները, անոր համբաւը, անոր սեփականութիւնը, անոր ցեղային ու մշակութային ինքնութիւնը, անոր գաղափարները ու անոր քաղաքական նախընտրութիւնները։ Եւ այս նպատակին հասնելու համար դեր մը ունին կատարելիք ընտանիքները, դպրոցները, կրօնական ուսուցումը ու ընկերային հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները։''

Քահանայապետը հուսկ պատգամին մէջ խօսեցաւ միջկրօնական յարաբերութիւններու մէջ փոխադարձ յարգանքի, մասնաւորապէս քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ։ ''Կանչուած են յարգելու մէկը միւսին կրօնը, անոր ուսուցումը, խորհրդանիշերը եւ արժէքները։ Յատուկ յարգանք ունենալով կրօնապետերուն ու պաշտամունքի վայրերուն նկատմամբ'' գրեց ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա անդրադարձաւ ''իսլամ ու քրիստոնիայ երիտասարդներու դաստիարակութեան'' կարեւորութեան, մատնանշելով թէ անհրաժեշտ է երիտասարդներուն կազմաւորումը ''յարգանքով մտածելու ու խօսելու ուրիշներու կրօնի ու անոնց հետեւորդներու մասին, խուսափելով ուրիշներու համոզումներն ու բարքերը ծաղրանքի եւ արհամարհանքի առարկայ դարձնելէ։ ''
Եզրափակելով Պատգամը Սրբազան Քահանայապետը վերանորոգեց ''յոյսը որ բոլոր քրիստոնեաներն ու մահմետականները ըլլան ճշմարիտ ռահվիրաները փոխադարձ յարգանքի ու բարեկամութեան, յատկապէս դաստիարակութեան ճանապարհով''։








All the contents on this site are copyrighted ©.