Օսերվաթորէ Ռոմանօն յատուկ մեծարանք վերապահած է Աստուծոյ ծառայ` Պօղոս Զ Քահանայապետի
մահուան 35-րդ տարելիցին առթիւ, որ տեղի ունեցած է 6 օգոստոս 1978-ին Գասթել Կանտոլֆոյի
քահանայապետական ամարանոցին մէջ։ Յօդուածը վերնագիրն է ''Ս. Երկրի առաջին ուխտաւոր
Քահանայապետը''։ Վատիկանեան օրաթերթը կը գրէ որ Պօղոս Զ Քահանայապետը եղաւ նաեւ առաջին
քահանայապետը որ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին առջեւ խօսք առաւ, առաջինը որ Վատիկանէն դուրս
ելաւ այցելելու թերաճ երկիրները։ Օրաթերթը կը վերակոչէ Պօղոս Զ-ի հանդիպումը Կ.Պոլսոյ
տիեզերական պատրիարք` Աթենակորոսին հետ, ս. Երկրին մէջ 1964-ին։ Անոր հրաժարումը քահանայապետական
խոյրէն` թագէն եւ Ծննդեան օրը պատարագ մատուցանելը Իտալիոյ Թարանդօ քաղաքի երկաթագործարանին
մէջ 1968-ին։ Յայտնենք որ անցեալ օգոստոս 6-ին` յետմիջօրէին Պօղոս Զ Քահանայապետի
մահուան 35-րդ տարելիցին առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ամփոփուեցաւ անոր դամբանին
առջեւ։