2013-08-08 14:58:07

Միջազգային Մամուլի Անդրադարձը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Գործունէութեան


Միջազգային մամուլը բազմաթիւ լուրեր կը հաղորդէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւններու մասին մասնաւորապէս անդրադառնալով Սրբազան Հօր Արժենթինայի հետ ունեցած կապի մասին։

Արդարեւ Նորին Սրբութեան տեսալսողական պատգամը Սուրբ Կայեթանօյի տօնին առթիւ մեծ արձագանգ ունեցաւ մամուլի մէջ բազմաթիւ լեզուներով, ընդգծելով, որ անցեալին մէջ կարտինալ Պէրկոլիոյի այդ օրուայ քարոզը յաճախ կը մէջբերուէր տարւոյն ընթացքին ։ Օրաթերթերը մատնանշած են ապա Քահանայապետի կատարած խորհրդածութիւններուն զօրակցութեան եւ ուրիշի հետ հանդիպումին մասին։

Իտալական ու սպանական հաղորդամիջոցները անդրադարձ կատարեցին ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ուղարկած ցաւակացութեան ու մօտիկութեան պատգամին ուղղուած Արժէնթինայի Ռոզարիոյի եպիսկոպոս` գերապայծառ Խոսէ Լուիս Մոլլակհամի, կազի արտահոսքի պատճառաւ պայթումի հետեւանքով մահացած 12 հոգիներուն ու 63 վիրաւորեալներուն ի լուր։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ապահովցուց իր աղօթքները հանգուցեալ հոգիներուն եւ իր հայրական մօտիկութիւնը վիրաւորեալներուն նկատմամբ։

Սրբազան Քահանայապետին քաջալերական պատգամը “Más por menos” ազգային տարեկան դրամահաւաքին համար եւս ունեցաւ լայն արձագանգ։ Արժէնթինայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին կողմէ նախաձեռնուած Դրամահաւաքը` տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին եւ ունի որպէս բնաբան ''Քու օգնութեանդ կը վստահինք''։ Կարտինալ Պերթոնիի ստորագտրութիւնը կրող պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը քաջալերէ բոլորը ''զօրակից քրիստոնէական յանձնառութեան պատասխանատութիւնը ընդգրկելու զոր ներշնչուած է Աստուծոյ հանդէպ հաւատքէն որ ամէն բան շնորհեց մեզի ''։
Նորին Սրբութիւնը բոլոր արժէնթինցիները կը հրաւիրէ ''նոյնանալու Քրիստոսին, մշակելով անոր բարեկամութիւնը աղօթքի եւ խորհուրդներու մատակարարման մէջ, գտնելու համար հարկաւոր ուժերը ծառայելու եւ օժանդակելու կարիքաւորներուն։ Յայտնենք որ անցեալ տարուայ դրամահաւաքը ունեցաւ 2,9 միլիոն տոլար եկամուտ որ ծառայեց արժէնթինայի աղքատ թեմերու ձեռնարկները ֆինանսաւորելու։

Հուսկ անդրադարձաւ նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ուղած շնորհաւորական տեսալսողական պատգամին հեռուստատեսիլի 21-րդ կայանի շահած ''Մարթան ֆիեռօ' մրցանակին առթիւ, Ս. Գիրքի մասին պատկերասփռած հաղորդումներուն համար, որ մեծ գնահատանքի արժանացած է հանրութեան ու քննիչ յանձնախումբի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.