2013-08-08 11:09:02

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի Օժանդակական Ծրագիրները


Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանէն տեղեկացանք, որ հալէպահայութեան սահմանուած օժանդակութեան շրջագիծէն ներս, նպաստաբաշխումի աշխատանքները կ'ընթանան իր բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ, շնորհիւ միութիւններուն եւ տեղւոյն քահանաներու ճիգերուն: Այս աշխատանքներու շարքին կան գաղթականներու ընդունելութիւնն ու հոգատարութիւնը զանազան կեդրոններու մէջ, ինչպէս նաեւ կրթական եւ մարդասիրական ձեռնարկներ:

Քաղաքի տագնապալի ներկայ պայմաններուն մէջ, բնակչութեան օժանդակութեան ծրագիրները կ'իրագործուին Միջազգային Կարմիր Խաչի, Սուրիական Կարմիր Մահիկի, Կաթողիկէ «Քարիդաս» բարեգործական միութեան եւ զանազան բարերարներու աջակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.