2013-08-08 15:14:41

Կարտինալ Թուրքսոն Ճաբոնի Մէջ


Կարտինալ Թուրքսոն` արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Ճաբոն կը գտնուի տեղական եկեղեցւոյ հետ նշելու` Հիրոշիմայի ու Նաքազաքայի միջուկային ռմբակոծումի տարեդարձը։ Կարտինալը խաղաղութեան ի խնդիր մատուցած պատարագին ընթացքին խօսքը ուղղելով 'Հիպաքուշա'-յի վերապրողներուն անոնցմէ խնդրեց դառնալու հաշտութեան ու խաղաղութեան առաքեալներ։ Կարտինալը իր քարոզին մէջ հաստատեց որ պէտք է վերջ դնել մարդոց միջեւ թշնամութեան ու յեղաշրջել մահուան գործիքները խաղաղութեան ու բարգաւաճումի գործիքներու։ Կարտինալին այս կոչը կու գայ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի ''խաղաղութիւն երկրի վրայ'' շրջաբերական թուղթի հրատարակումին 50-րդ տարեդարձին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.