2013-08-08 11:09:41

Իսրայէլեան Շրջուն Ջոկատ Մը Կը Հասնի Լիբանանեան Լապպունէ Շրջանը, Ուր Ական Մը Կը Պայթի Եւ Իսրայէլացի Զինուորներ Կը Վիրաւորուին


Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ կէս գիշերին իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը ոտնձգութիւններ գործած է սահմանային Կապոյտ գիծին դէմ եւ 400 մեթր դէպի լիբանանեան հողեր յառաջացած:
Լիբանանեան հողերուն մէջ գտնուած պահուն պատահած պայթումի մը պատճառով իսրայէլացի զինուորներուն խմբակէն զինուորներ վիրաւորուած են:
Բանակին հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուած է եւ այդ իմաստով բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւն կայ: Պայթումին մասին կան երկու վարկածներ, ըստ որոնց, պայթած ականը 1948-էն ի վեր Իսրայէլի կողմէ զետեղուած ական մըն է, իսկ միւս վարկածին համաձայն, երկու ականներ զետեղուած են թիրախ դարձնելու համար սահմանը խախտող եւ լիբանանեան հողեր հասնող իսրայէլացի զինուորներու խումբը:
Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, թէ սահմանապահ ուժերուն հսկողութեան ընթացքին վիրաւորուած են 4 զինուորներ:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած այս ոտնձգութիւնը եւ շեշտեց, որ աւելի ուշ Լիբանան պաշտօնապէս պիտի բողոքէ այդ արարքին դէմ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իսրայէլացի զինուորները կը պաշտպանեն Իսրայէլն ու անոր սահմանները եւ պիտի շարունակեն ստանձնել իրենց պատասխանատուութիւնը` պաշտպանելով Իսրայէլն ու անոր սահմանները:







All the contents on this site are copyrighted ©.