2013-08-08 11:17:49

Եգիպտոսի Նախագահութիւնը Տագնապի Լուծման Միջազգային Ջանքերուն Ձախողութիւնը Կը Յայտարարէ


Եգիպտոսի նախագահութիւնը յայտարարեց, որ Իսլամ եղբայրներուն հետ տագնապը լուծելու միջազգային ջանքերը ձախողած են` նշելով, որ այդ ջանքերը սկսան աւելի քան տասը օր առաջ` եգիպտական կառավարութեան ամբողջական հաւանութեամբ եւ համակարգումով, իսկ կառավարութիւնը զայն արտօնեց հաւատալով, որ պէտք է բոլոր առիթները տրուին Իսլամ եղբայրներն ու անոնց համակիրները մղելու բռնարարքները մերժելու, արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ եգիպտական հասարակութեան երթեւեկի խանգարումէն ու ապագան պատանդ բռնելէ ետդարձ կատարելու:
Նախագահութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ այդ ջանքերը սպասուած արդիւնքը չտուին, հակառակ եգիպտական կառավարութեան ամբողջական աջակցութեան` աւելցնելով, որ Եգիպտոս միշտ պիտի ողջունէ այդ կողմերուն ջանքերը եւ պիտի գնահատէ «ճամբու քարտէս»-ին ու ժողովրդավարական փոխանցումի ամրապնդման զօրակցող անոնց կեցուածքները:
«Իսլամական նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հեռացումէն ետք, բանակին կազմած փոխանցման կառավարութիւնը Իսլամ եղբայրները պատասխանատու կը նկատէ այս ջանքերուն ձախողութեան», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը:
Աւելի ուշ, նախագահութիւնը եգիպտացի ժողովուրդին կոչ ուղղեց` ուրբաթ օր յեղափոխական օրինականութիւնը պաշտպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին աջակցելու համար ցոյց կատարելու:
Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի մամլոյ խորհրդական Ահմետ Մուսլումանի յայտարարեց, որ ամերիկացի հանրապետական ծերակուտականներ Ճոն ՄքՔէյն եւ Լինտսի Կրեմ, որոնք ծանօթ են իրենց ծայրայեղական կեցուածքներով, իրենք իրենց արտօնած են միջամտել Եգիպտոսի ներքին գործերուն:
«ՄքՔէյնի յայտարարութիւնները մտածուած չեն, անոնք ամբողջովին կը մերժուին Եգիպտոսի կողմէ, որովհետեւ կը խեղաթիւրեն իրական փաստերն ու իրադարձութիւնները», ըսաւ Մուսլումանի` աւելցնելով, որ եգիպտական կողմը այդ յայտարարութիւնները կ՛ուսումնասիրէ եւ «իրաւունք կը վերապահէ համարժէք պատասխան տալու անոնց»:
Ան յայտնեց, որ միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք փողոց դուրս եկած էին, ՄքՔէյնի նման մարդոց յայտարարութիւններուն կարիքը չունին, որպէսզի ապացուցեն, որ ատիկա իրական յեղափոխութիւն էր:
ՄքՔէյն իր վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կոչ ուղղած էր ազատ արձակելու Իսլամ եղբայրներու ղեկավարները, յարգելու մարդու իրաւունքները եւ պաշտպանելու խաղաղ ցոյցերու իրաւունքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.