2013-08-08 11:24:11

«Հնդկական Մշակոյթի Օրեր» Իջեւանի Մէջ


«Հայ-հնդակական Բարեկամութիւն» հասարակական կազմակերպութեան աշխատանքներով՝ Օգոստոս 9-15 Տաւուշի մարզի մէջ պիտի մեկնարկէ «Հնդկական մշակոյթի օրեր» ձեռնարկը` նուիրուած Հնդկաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 67-րդ տարելիցին:
«Հնդկական մշակոյթի օրեր» ծրագիրը կը ներառէ հետեւեալ ձեռնարկները`
1. «Հնդկաստանը հայերու աչքերով» թեմայով լուսանկարներու ցուցահանդէս,
2. «Հնդկաստանի առեղծուածային անդրադարձումները» հայ նկարիչներ Վարդան Աւետեանի եւ Վլատիմիր Սիմոնեանի գեղանկարներու ցուցահանդէս
3. «Հնդկական շարժանկարներու շաբաթ Տաւուշի մարզին մէջ»:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իջեւանի «Վերնատուն» պատկերասրահին մէջ Օգոստոս 9-ին ժամը 15:00-ին եւ անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 15:
Իջեւանի քաղաքային մշակոյթի տան մէջ պիտի իրականացուի «Հնդկական շարժանկարներու շաբաթ Տաւուշի մարզին մէջ» ծրագիրը, պիտի ցուցադրուին հնդկական բազմաժանր շարժանկարներ (ռուսերէնով):
Ձեռնարկներուն նպատակն է մէկտեղել հայ-հնդկական յարաբերութիւններով հետաքրքրուած մարզի բնակիչները` միասին տօնելու հնդիկ ժողովուրդին համար շատ կարեւոր այս տօնը:
Ձեռնարկի պատուաւոր հիւրերն են Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտոր Սուրեշ Պապուն, ՀՀ Տաւուշի մարզպետ պրն Ա. Ղուլարեանը եւ Իջեւանի քաղաքապետ պրն Վ. Ղալումեանը:
Ձեռնարկի աջակիցներն են Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանատունը, Իջեւանի քաղաքապետարանը եւ Իջեւանի գինիի-քոնեակի գործարանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.