2013-08-07 11:30:07

Քաշաթաղի Մէջ Սուրիահայերու Վերաբնակեցման Համար Նոր Բնակարաններ Կը Կառուցուին


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ սուրիահայերու համար նոր բնակարաններ ու առանձնատուներ կը կառուցուին: Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետ Ռոպերթ Մաթեւոսեանը, որ դիտել տուած է, թէ բնակարանները կը կառուցուին Իշխանաձորի, Կովսականի եւ Բերձորի շրջաններուն մէջ: «Կովսականի մէջ արդէն կայ 12 բնակարան ունեցող մէկ շէնք եւ 4 առանձնատուն, ուր արդէն կ՛ապրին սուրիահայեր: Մէկ առանձնատուն ունինք Իշխանաձորի մէջ եւ 3 բնակարան` Բերձորի մէջ: Այս պահուն Կովսականի ու Իշխանաձորի մէջ կը շարունակուին մէկական բազմաբնակարան շէնքերու, իսկ Բերձորի մէջ` 2 առանձնատուներու կառուցումը», յայտնած է Մաթեւոսեանը` տեղեկացնելով, որ բնակարաններն ու առանձնատուները կառուցուած են տարբեր կազմակերպութիւններու` «Թուֆենկեան» հիմնարկի, «Օգնիր եղբօրդ» ծրագիրի եւ այլ ծրագիրներու աջակցութեամբ:
Արդէն 80 տոկոսով պատրաստ է Կովսականի մէջ կառուցուող բազմաբնակարան շէնքը, ուր ներկայ դրութեամբ կը կատարուին ներքին յարդարման աշխատանքներ: Իշխանաձորի շէնքը պատրաստ է 50-60 տոկոսով, իսկ Բերձորի բնակելի շէնքը դեռ նոր սկսած է կառուցուիլ: Քաշաթաղի վերաբնակեցման վարչութեան պետը հաստատած է, որ բոլոր շէնքերն ալ այս տարի անպայման կը բնակեցուին:
«Բնակարաններուն ապագայ բնակիչները արդէն տեղաւորուած են այդ վայրերուն մէջ. անոնք առայժմ կ՛ապրին պանդոկի մէջ, որ կը գտնուի վարչակազմի տրամադրութեան տակ: Մէկ մասն ալ հարազատներուն հետ կ՛ապրի: Օրինակ` ընտանիք մը, որն արդէն ունի բնակարան, կ՛ապրի եղբօր ընտանիքի հետ, որ կը սպասէ իր բնակարանի պատրաստ ըլլալուն», բացատրած է Մաթեւոսեանը:
Իշխանաձորի մէջ հաստատուած սուրիահայ բնակիչները արդէն սկսած են զբաղելու գիւղատնտեսութեամբ: Անոնք տեղափոխուած են Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն, ուր եւս հողագործութեամբ կը զբաղէին: Կովսականի մէջ կայ բժիշկներու ընտանիք մը, որուն անդամները կ՛աշխատին տեղւոյն հիւանդանոցին մէջ: Իսկ Բերձորի մէջ բնակողներուն հիմնական մասը արհեստաւորներ են, որոնք համապատասխան աշխատանք կրցած են գտնել: «Բոլոր անոնք, որոնք աշխատելու ցանկութիւն ունին, անպայման կ՛աշխատին, մենք անոնց կ՛օժանդակենք: Պետական կառոյցին մէջ աշխատիլ ցանկացողները նոյնպէս կ՛ունենան այդ հնարաւորութիւնը: Ճիշդ է, աշխատավարձը շատ աւելի ցած է, քան Սուրիոյ մէջ ստացած են, սակայն անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը շատ լաւ է: Անոնք բաւական ազգասէր մարդիկ են, պահպանած են ազգային աւանդութիւնները: Մենք ալ իրենցմէ բան ունինք սորվելիք` աշխատասիրութիւնն ու աւանդապահութիւնը», նշած է Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետը` կատակելով, որ Քաշաթաղի մէջ ապրելու սուրիահայերուն փափաքը շատ մեծ է, քանի որ անիկա հայոց աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր տարածքն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.