2013-08-07 15:19:27

''Միսիոնարական Համաշխարհային Օրը''


2013-ի Միսիոնարական Համաշխարհային Օրը կը նշուի յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին։ Այս օրուան նշումը ծագում առած է Պիոս ԺԱ քահանայապետի օրով երբ 1926-ին Սասսարիի նորընծայարաններու առաջարկով ''Հաւատոյ Տարածման'' ժողովը Քահանայապետին առաջարկեց ''միսիոնարական համաշխարհային օր մը հաստատել'' տիեզերական եկեղեցւոյ առաքելութեան ի նպաստ։

Եւ Սրբազան Քահանայապետի հաւանուոդիւնը ստանալէ ետք, 1927-ին կայացաւ ''Միսիոնարական Համաշխարհային Օր Հաւատքի տարածման ի սպաս'' վերատառութեամբ Միսիոնարական համաշխարհային առաջին օրը որ ամէն տարի կը նշուի Հոկտեմբերի վերջընդեր Կիրակին, տրուած ըլլալով որ հոկտեմբեր ամիսը աւանդութեան համաձայն նկատուած է ''Միսիոնարական ամիս''։
Այդ օրը աշխարհի բոլոր հաւատացեալները հրաւիրուած են իրենց սրտերը բանալու եւ իրենց սատարը տալու Եկեղեցւոյ միսիոնարական առաքելութեան նա մանաւանդ նորակառոյց Եկեղեցիներուն եւ հասարակութիւններուն ի նպաստ։
Այս օրուան առթիւ կը հրատարակուի նաեւ Սրբազան Քահանայապետի մէկ պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.