Սասնոյ շրջանը գտնուող Մարաթուկ լերան Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: Սասնոյ
հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը նոյն կայքին յայտնած է, որ եկեղեցին վերականգնելու
նպատակով, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն արտօնութիւն ստացած են: «Արտօնութիւնը
ստանալէ ետք, առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ սկսանք վերանորոգման աշխատանքներուն: Նախ պէտք
է վերանորգել դէպի եկեղեցի տանող ճանապարհը: Երբ եկեղեցին վերանորոգուի, վստահ ենք, որ
աշխարհի 4 ծայրերէն զբօսաշրջիկներ պիտի այցելեն», ըսած է Տաղճը: Նշենք, որ Մարաթուկ
լերան գագաթին (2973 մեթր) գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքը եւ մուտքի մէկ հատուածը
2012ին քանդուած էին անյայտ չարագործներու կողմէ: