2013-08-07 10:22:18

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ
Աստուած Ի՞նչ Կը Սպասէ Մեզմէ


Ի՞նչ ակնկալիք կամ սպասում պիտի ունենայ Ամենակարողը իր իսկ ստեղծած մարդ էակէն…:
Նոյնիսկ անհաւատ մարդը պիտի մտածէ այս մասին, ըսելով, թէ՝ Արարիչը ի՞նչ կարիք ունի մարդուն, կամ՝ ընդհանրապէս ի՞նչ կարիք կրնայ ունենալ, որ դիմէ իր արարածին: Աստուածաբանականօրէն ալ կրնայ սխալ ըլլալ նման ակնկալիք բանաձեւելը, որովհետեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի բառերով անեղ ու անծին, ամենարար, ամենաբաւ ու ամենազեղ Աստուածը չի կրնար կարիքաւոր ըլլալ երբեք: Ի՛նք է աշխարհի բոլոր կարիքները բաւարարող ամենաբաւը, եւ անիմաստ է որեւէ մտածում Անոր սպասելիքին մասին:
Սակայն, Աստուծոյ ստեղծագործութեան իմաստ տուող եւ զանիկա արժեւորելու կոչուած միակ բանական էակը՝ մա՛րդն է: Ուրեմն, ինքն ըստ ինքեան արժէք ունեցող ու Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած աշխարհը իմաստաւորող բանական միտքը մարդուն շնորհուեցաւ միայն, թէ՛ վայելելու աստուածաստեղծ բարիքները եւ թէ արժեւորելու զանոնք:
Եւ այստեղէն սկիզբ կ՛առնէ Աստուած եւ մարդ յարաբերութիւնը, մէկուն հայրութեամբ, իսկ միւսին՝ հնազանդութեամբ:
Վստահաբար, ամէն ծնող կամ դաստիարակ նուազագոյն երախտագիտութեան ակնկալիքը կ՛ունենայ իր ծնած կամ դաստիարակած զաւակներէն, ի գնահատութիւն իր կատարած աշխատանքին: Այստեղ եւս կարելի է առարկել, թէ Աստուած սովորական ու մահկանացու ծնողի կամ դաստիարակի կարելի չէ՛ նմանցել, որովհետեւ Ան աննիւթեղէն ու ամենակարող էակն է, որ կրնայ քարերէն անգամ մարդ ստեղծել (հմմտ Մտ 3.9), ստեղծագործութիւն՝ որ ո՛չ սովորական ծնողներու, ո՛չ ալ ամէնէն յառաջադէմ գիտնականին կարողութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուի:
Իր ստեղծած մարդուն կարողութեան եթէ վստահէր Աստուած, թերեւս ստեղծագործութեան մէջ գոյութիւն չունենային այն հրաշալիքները, որոնցմով կը կառավարուի աշխարհ: Երգիծական ոճով գրուած քրիստոնէական գրութիւններէն մէկը կ՛ըսէ, որ եթէ Աստուած իր ստեղծագործութեան սկիզբը ստեղծած ըլլար մարդը, փոխանակ վերջին օրուան ընթացքին, ու շինարարական յանձնախումբեր կազմած ըլլար եւ անոնց յանձնած ըլլար աշխատանքը, թերեւս մինչեւ այսօր աւարտած չըլլար իր վեցօրեայ ստեղծագործութիւնը…:
Մէկ անձով «գործ վերջացնել»ու այլընտրանքը կը նախընտրեն այսօր շատեր, յուսախաբ ըլլալով յանձնախմբային աշխատելաոճէն:
Քա՛ւ լիցի, որ մարդը ինքզինք Արարիչին տեղը դնէ, եւ Անոր ոճով գործէ, սակայն, արթուն միտքով եւ տրամաբանելու կարողութեամբ օժտուած անձը, իր որսը անձնապէս որսացող առիւծին նման, միշտ կուշտ ըլլալու երանութիւնը կ՛ապրի: Իսկ անոնք որոնք հարց տան առիւծին թէ՝ «ինչո՞ւ վիզդ հաստ է», պէտք է պատասխանն ալ իմանան, տեսնելով անոր խրոխտ քալուածքը եւ անօրինակ ինքնավստահութիւնը: Այս ինքնավստահութիւնը Աստուծոյ ալ հաճելի կ՛ըլլայ, եւ այն գործերը, զորս մենք չենք կրնար կատարել, Աստուած հաճոյքով կը կատարէ մեզի համար, որովհետեւ աշխատանքի կամքը կը տեսնէ մեր մէջ, ու Իր օժանդակութիւնը բնաւ չի զլանար: Աշխատանքի առիթը Աստուած կու տայ մեզի, սակայն զայն իրագործելու կամքը մենք պէտք է դրսեւորենք:
Բայց ի՞նչ կը սպասէ մեզմէ Աստուած:
Մենք պարտաւորութիւններ ունինք մեր Արարիչին հանդէպ: Սակայն Ան բնաւ սպասողը կամ ակնկալողը չէ՛, ինչպէս ըսուեցաւ նախապէս: Ամէնօրեայ զբաղումները մարդուն, արդէն իսկ մտատանջութեան պատճառ կը դառնան իրեն համար, եւ յաճախ մոռացութեան կը մատնեն Արարիչը, որ պատրաստ է ամէն տեսակի հարցերը լուծելու:
Մարդուն ինքնավստահութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ ան յանձն առնէ աշխարհի մէջ եղած ու իր դիմաց ծարացող բոլոր տեսակի հարցերը անձամբ լուծելու նախաձեռնութիւնը: Սա ինքնին լաւ, քաջ ու յանդուգն որոշում է, որ շատ անգամ դրական արդիւնք տուած է: Այդ մասին պատմութիւնը կարելի է վկայակոչել, ցոյց տալով յաջողակ մարդոց աւելի քան հազարաւոր հոյլեր, որոնք կրցած են իրենց շրջապատին մէջ գտնուող որոշ հարցեր լուծել կամ դժուարութիւններ չէզոքացնել:
Հաւատաւոր քրիստոնեաներ իրենց յաջողութիւնները միշտ Աստուծոյ կը պարտին, ու արձանագրուած իւրաքանչիւր յաջողութենէ ետք փառք ու գոհութիւն կ՛ընծայեն Անոր:
Թերեւս ոմանք այնպէս մտածեն, թէ Աստուծոյ նկատմամբ մեր պարտականութիւնը կամ մարդէն ունեցած Աստուծոյ ակնկալիքը, գոհաբանական այս արարքին մէջ կը կայանայ, զոր մարդը պէտք է ընծայէ իր Ստեղծիչին: Ատիկա իր կարգին: Սակայն, կայ աւելի մեծ սպասելիք, կամ ակնկալիք, զոր Աստուած ունի մարդ արարածէն:
Աստուած երբեք չ՛ակնկալեր մեզմէ աշխարհի բոլոր հարցերը լուծել: Անոր ծանօթ են մարդուն սահմանափակ կարողութիւնները: Ան գիտէ, որ մարդը կրնայ ընկճուիլ, յուսահատիլ, նոյնիսկ Իրեն բողոքել, իր կեանքի ընթացքին պատահած դժուարութիւններու ու մանաւանդ վիշտերու պարագային: Ուրեմն, երբ Անոր ծանօթ են մեր տկարութիւններն ու սահմանափակ կարողութիւնները, ի՞նչ ակնկալիք կրնայ ունենալ մեզմէ:
_ Աստուած կը սպասէ, որ առնուազն նոր հարցեր չստեղծենք այս աշխարհի վրայ:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ հպանցիկ ակնարկութիւն կը կարդանք այս մասին, երբ կ՛ըսէ, թէ «իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (հմմտ Մտ 6.34): Տագնապը, դժուարութիւնը, կամ պարզ բառով՝ «հարց»ը, մեր յաւելեալ մտահոգութեամբ կը ստեղծենք յաճախ, արժէք տալով անարժէք հարցի, մտահոգուելով կենցաղային պայմաններու, կամ Յիսուսի բառերով՝ հագուելիքի, ուտելիքի կամ խմելիքի մասին (հմմտ Մտ 6.25,31): Մինչ Ան կ՛ըսէ, թէ յաւելեալ մտահոգուելով, մէկ կանգուն իսկ չենք կրնար երկարել մեր հասակը (հմմտ Մտ 6.27):
Ընկերային թէ կենցաղային պայմաններու հեզասահ, ու փոխյարաբերական կեանքի բնականոն ընթացքին համար, ուրեմն, Աստուծոյ յստակ յորդորը այն է, որ համբերատարութիւնը, հանդուրժողութիւնը եւ համերաշխութիւնը տիրապետող ըլլան մեր կեանքին մէջ:
Աստուծոյ այս կոչը, սակայն, ուղղուած է անոնց, որոնք լսելու տրամադրութիւն ունին: Ինչքա՜ն զօրավարներու խուլ ականջին տակ պոռացած է Ան իր բացարձակ կամքը, սակայն մինչեւ այսօր ո՛չ պատերազմները դադրած են երկիրներու միջեւ եւ ո՛չ ալ ատելութիւնը՝ մարդոց միջեւ: Իսկ համբերատարութիւնը, հանդուրժողութիւնը եւ համերաշխութիւնը, զորս Աստուած կ՛ակնկալէ մարդ էակէն, գիտէ՛ թէ անոր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին: Կը բաւէ միայն, որ մարդը գիտակցութիւնը ունենայ եւ շուտով յայտնաբերէ իր մէջ համբերատար, հանդուրժող եւ համերաշխ ըլլալ կարենալու աստուածային երեք կարողութիւնները, որոնք Արարիչը իր շունչին հետ փչած է մարդու դէմքին: Աստուած ուրիշ ակնկալիք չունի մեզմէ:
Քաղուած՝ ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆի Խորհրդածութենէն








All the contents on this site are copyrighted ©.