2013-08-07 10:58:57

Եմէնէն Հեռանալու Կոչ՝ Ամերիկացիներուն


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Օգոստոս 6ին կոչ ըրաւ բոլոր ամերիկացի քաղաքացիներուն, որ հեռանան Եմէնէն, որովհետեւ տեղեկութիւններ ստացած է, թէ «Քայիտա»ի անդամներ ամերիկացիներու դէմ ահաբեկչական արարքներ կը ծրագրեն: Նախարարութիւնը նաեւ որոշեց դեսպանատունէն հեռացնել ոչ կենսական նկատուող բոլոր պաշտօնեաները: Անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած՝ դէպի Միջին Արեւելք, Հարաւային Ասիա ու Հիւսիսային Ափրիկէ ճամբորդելու ազդարարութենէն ետք, Ուաշինկթըն նաեւ որոշեց այդ շրջանին մէջ գործող ամերիկեան 19 դեսպանատուներ փակ պահել մինչեւ Օգոստոս 10:







All the contents on this site are copyrighted ©.