2013-08-07 11:01:06

Եգիպտոսի Նախագահի Խորհրդականը Կը Հերքէ Արտաքին Միջնորդութեան Գոյութիւնը


Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի ռազմավարական հարցերով խորհրդական Մուսթաֆա Հուժէյրի մերժեց միջազգային եւ արաբական կողմերու` եգիպտական քաղաքական կեանքին մէջ ներկայիս տարած ջանքերը միջնորդութիւն նկատել:
Ան նշեց, որ անոնք բանակցութիւններ վարելու ջանքեր կամ արտաքին ուժերու կողմէ Եգիպտոսի իրադարձութեանց լուծում գտնելու ջանքեր չեն: «Իրողութիւնը այն է, որ միջազգային կողմեր ունինք, միջազգային հասարակութեան մէջ գործընկերներ, որոնք նախանձախնդիր են տագնապին ճշմարտութեան մօտէն ծանօթանալու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ միջազգային այդ կողմերուն մեծամասնութիւնը Իսլամ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւններ ունին:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճորճ Լիթըլ հակիրճ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Հէյկըլ եւ Սիսի քննարկած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզի եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ պատուիրակ Պերնատինօ Լիոնի ճամբով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեան ջանքերը:
Լիթըլ նշեց, որ Սիսի զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ յանձնառու կը մնայ ցոյցերուն վերջ տալու համար խաղաղ լուծումի մը հասնելուն նկատմամբ իր նախանձախնդրութեան: Սիսի Հէյկըլին շնորհակալութիւն յայտնած է այդ հարցով Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Սիսի նաեւ ընդգծած է, որ ժամանակաւոր կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ բոլոր եգիպտացիներուն համար համապարփակ քաղաքական ճամբու քարտէսի մը գործադրութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.