2013-08-07 12:05:19

Արժանթինայի Սուրբ Կայեթանոյի Տօնը։



Ս. Կայեթանօ` պաշտպան սուրբն է Արժանթինայի, ճանչցուած որպէս ''հացի ու աշխատանքի'' պաշտպան սուրբը։ Անոր սրբավայրը կը գտնուի Պուէնոս Այրեսի` Լինիերէն թաղամասը, մայրաքաղաքի մէկ արուարձանը։ Ամէն տարի, 7 օգոստոսին, սուրբին տօնին օրը, տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ շարքի կը կենան պահ մը աղօթելու անոր արձանին առջեւ ու անոր բարեխօսութիւնը հայցելու։ Այդ առթիւ Սրբավայրին մէջ ամէն ժամուն պատարագ կը մատուցուի։ Մինչ հանդիսաւոր ս. պատարագը կը մատուցուի ժամը 11-ին։
Որպէս Պուէնոս Այրեսի առաջնորդ ու երկրի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` երբեմնի կարտինալ Պերկոլիօն կը հանդիսապետէր ծիսակատարութիւնը։ Այս տարի պատարագը կը նախագահէ մայրաքաղաքին առաջնորդը արքեպիսկոպոս Բոլի եւ ծիսակատարութեան աւարտին պիտի ողջունէ հաւատացեալները։ Այս տարուայ տօնին նշանաբանն է. ''Յիսուսի ու ս. Կայեթանոյի հետ դիմաւորենք կարօտեալները''։ Արժանթինայի պաշտպան սուրբին տօնակատարութիւնը կը նախատեսէ իննօրեայ աղօթք` օգոստոս 1-9, զանազան դիտաւորութիւններով. ընտանիք, կառավարիչներ, տառապեալներ, ննջեցեալներ, գործազուրկեր, զօրակցութիւն։

Ս. Կայեթանոյի հակիրճ կենսագրականը։


Ս. Կայեթանօ ծնած էր Վիչենցա քաղաքը 1480 թուականին եւ ազնուական տոհմի անդամ էր։ Իր կեանքը նուիրեց աղքատներուն։ Ան մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Արժանթինայի մէջ։ Իմաստասիրական ու Աստուածաբանական ուսումները կատարելէ ետք մասնագիտացաւ եկեղեցական ու քաղաքացիական կանոնագրութեամբ եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է։
Վախճանեցաւ 7 օգոստոս 1547-ին։ Խորաններու պատւոյն արժանացաւ 1671-ին։ 1929-ի տնտեսական տագնապէն ետք դարձաւ ''Հացի ու Աշխատանքի'' Արժանթինայի պաշտպան սուրբը ։ Այսօր եւս ամենէն աւելի մեծարուած սուրբն է Արժանթինայի բանուորներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.