2013-08-06 09:25:16

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Անխոնջ Հանդիպումը Երիտասարդներուն Հետ։


Պապ մը որ մի միայն կը խօսի Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ մխսին, Ֆրանչիսկոս քահանայապետը որ աշհարհիկ արարողակարքը մէկդի դնելով փորձեց փախչիլ` պարզապէս ժողովուրդին հետ հանդիպելու եւ անոր մօտիկ ըլլալու:
Ֆրանչիսկոս քահանայապետը պզտիկ պզտիկ յաջողութիւններ գտաւ որոնք զինքը յառաջ տարին դէպի աշխարհի մէջ ամենասիրուած մարդը հռչակուլու եւ բոլորին կողմէ: Երբեմն շատ խիստ եկեղեցական ուսուցումներուն մէջ, երբեմն ալ լայն սրտով ընդունելու աշխարհակացման նորանոր արհեստ-ները, շատ մը Կարդինալներ եւ Եպիս-կոպոսներ վրդոված գայլերէն համոզուե-ցան ետքը որ իր առած ճամբան կրցաւ շատերուն եւ մանաւադ անհաւատներուն սէրն ու հարգանքը վայելելու:
Իր խոնարհութիւնը մեծ դաս մը եղաւ աշխարհիս ղեկաւարներուն եւ մանաւանդ կատարած վերջին ճամբոր-դութեան ընթացքին ի Պրազիլ, երբ այս խոնարհութենէն հրապուրուած աւելի քան 3 միլիոն երիտասարդներ կրցան իրեն շրջապատել Րիօի վերջին պա-տարաքին ընթացքին:
Իր համբերութեան օրինակը շա-տերը զարմացուց, այս համբերութիւնը որ զինք ստիպեց այս գեղեցիկ երիտա-սարդաց հաւագոյթը սիրով անձնելու եւ շնորհիւ ասոր կրցաւ շատերուն սրտերը փոխել զիրենք ուղղելու դէպի Աստուծոյ սէրը:
Երկուշաբթի 22 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 16-ին (Պրազիլի ժամով) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Պրազիլ մասնակցելու համար երիտասարդութեան համաշխարհային 28 օրուայ տօնախմբութիւններուն։
Պրազիլի ժողովուրդը արտակարգ խանդավառութեամբ ընդունեց Լատին Ամերիկացի Քահանայապետը որ հազիւ Րիօ Տէ Ժանէյրօ ժամանեց ուզեց հա-մապատասխանել ժողովուրդի իղձին եւ նախ քան Կուանապարայի Պալատին մէջ բարի գալուստի արարողութեան մաս-նակցելու շրջապտոյտ մը ըրաւ Րիոյի կեդ-րոնական պողոտաներու վրայ մօտէն բարեւելու ճամբաներու եզերքներուն զինք սպասող ու դիմաւորող բազմահազար ժո-ղովուրդը։
Սրբազան Քահանայապետը մատ-նանշեց ապա իր այցելութեան հիմնական պատճառի մասին որ է երիտասարդութեան համախշարհային օրը ուր համայն աշխարհէն երիտասարդներ ''Փրկիչ Քրիս-տոսի բաց բազուկներէն հրապուրուած` եկած են ապաստան գտնելու Անոր ձեռքերուն մէջ եւ ունկնդրելու Անոր յստակ ու զօրեղ կոչը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։''
Այս երիտասարդները եկած են տարբեր ցամաքամասերէ, կը խօսին տար-բեր լեզուներ, եւ այլազան մշակոյթներու կը պատկանին բայց եւ այնպէս ամէնքն ալ Քրիստոսի մէջ կը գտնեն իրենց ձգտում-ներու համապատասխանը։
Քրիստոս կը վստահի երիտա-սարդներուն ու անոնց կը վստահի նաեւ իր առաքելութիւնը ''գացէք եւ աշակեր-տեցէք բոլոր ազգերը։'' Գացէք սահմաններէն անդին եւ եղբայրութեան աշխարհ մը կերտեցէք։
''Մեր զաւակները մեր աչքի լոյսն են'', պատուհանը` որուն միջոցաւ լոյսը մեր մէջ կը թափանցէ ու մեզի կը պարգեւէ տեսողութան հրաշքը։
Ուրբաթ 26 յուլիսի երեկոյեան` երիտասարադութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ, գոբաքապանայի տարածքի վրայ տեղի ունեցաւ` ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ, ճանապարհ խաչի-ի արարողութիւնը, որուն ըստ տուեալներուն մասնակցեցան մէկ ու կէս միլիոն երիտասարդներ ։
Այս առթիւ ուղղած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ`
Հոս համախմբուած ենք Յիսուսին ուղեկցելու չարչարանքի եւ սիրոյ ճանապարհի վրայ` Խաչի ճանապարհը որ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կարեւոր եւ զօրեղ պահերէն մին է։
Ապաշխարութեան Սուրբ Տարւոյն աւարտին երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը ձեզի յանձնելով խաչը ըսած էր ''զայն տարէք որպէս մարդկութեան հանդէպ Յիսուսի սիրոյ նշանը եւ ամէնուրէք հռչակեցէք թէ միայն մեռած եւ Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ կը գտնուի փրկութիւնն ու քաւութիւնը։
Այդ օրէն սկսեալ (1984) Խաչը, շրջեցաւ ամէն ցամաքամասերու մէջ եւ անցաւ մարդկային էութեան զանազան հանգրուաններէն։ Ոչ մէկը կարող է Յիսուսի Խաչին դպչիլ առանց ազդուելու անկէ եւ առանց որ իր կեանքէն ներս Յիսուսի Խաչէն մասնիկ մը ունենալու - ըսաւ.
Կիրակի 28 յուլիսի աառաւօտ-եան ժամը 10-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Րիոյի Գոբաքապանայի տարածքի վրայ, 3 միլիոն երիստասարդներու մասնակցութեամբ մատուցեց երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ սուրբ պատարագը։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասա-նած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշեց ՃՄՃ-ին կարգախօսը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը ու մեկնելով այս նախադասութենէն ըսաւ` ''Յիսուս, այսօր եւս, ձեզմի ամէն մէկուն կ՛ուղղէ նոյն պատուէրը։ Շատ հաճելի եղաւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ մասնակցիլ ու տարբեր վայրերէ ուրիշ երիտասարդներու հետ միասին ապրիլ հաւատքը, սակայն այժմ դուն պիտի մեկնիս փոխանցելու համար այս փորձառութիւնը ուրիշներուն''։ Սրբազան Քահանայապետը ապա կեդրոնացաւ երեք բառերու վրայ ''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու''։

Այս օրերուն առիթը ունեցաք Յիսուսի հետ հանդիպման փորձառութիւնը ապրելու եւ զգացիք հաւատքի ուրախութիւնը։ Սակայն այս փորձառութիւնը սահմանափակ մնալու չէ, մանաւնդ որովհետեւ Յիսուս չ՛ըսաւ ''եթէ ուզէք կամ եթէ ժամանակ ունիք'' այլ ըսաւ ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։'' Հաւատքի փորձառութիւնը բաժնեկցիլը, հաւատքը վկայելը եւ Աւետարանը հռչակելը հրահանգն է ուղղուած համայն Եկեղեցւոյ ու քեզի։
Մի վախնար - ըսաւ արդ Սրբազան Հայրը - երբ երթանք Քրիստոսը աւետելու, ինքն է որ մեր քայլերը կ՛ուղղէ ու մեզի կ՛ընկերակցի։ Ան իր աշակերտներուն ըսած էր ''Ես ձեր հետն եմ ամէն օր''։ Յի-սուս մեզ միայնակ չի թողուր։ Ձեզի կ՛ընկերանայ։ Ան չ՛ըսաւ գնայ, այլ գացէ՛ք, որով Համայն Եկեղեցին կանչուած է այս առաքելութեան։
Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ''թոյլ տալ որ ձեր կեանքը նմանի Յիսուսի կեանքին կը նշանակէ ապրիլ անոր զգացոմները, ունենալ անոր մտածումները եւ գործել Անոր նման։ Եւ Յիսուսի կեանքը ուրիշներու նուիրուած կեանք մըն է։ Ծառայութեան կեանք մը։ Յիսուսը հռչակելու համար Սուրբ Պօղոս դարձաւ ''բոլորին ծառայ''։
Աւետարանել կը նշանակէ անձնապէս վկայել Աստուծոյ սէրը, գերա-զանցել անձնասիրութեան զգացումները եւ ծառայել ծունկի գալով ու լուալով մեր եղբայրներուն ոտքերը այնպէս ինչպէս ըրած էր մեր Տէրը Յիսուս։
Երեք բառեր ըսաւ Սրբազան Քա-հանայապետը ''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու''։
Քրիստոս ձեցի կը վստահի։ Եկեղեցին ձեզի կը վստահի։ Քահանայապետը ձեզի կը վստահի։ Թող Մարիամ` Յիսուսի ու մեր Մայրը ընկերանայ ձեզի իր գորովով ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։ Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.