2013-08-06 09:40:14

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Երեք Բառերը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Րիոյի մէջ արտասանած ճառերու եւ քարոզներու ընթացքին յաճախ դիմեց ''երեք բառերու կամ գաղափառներու'' որոնց վրայ հիմնեց իր պատգամներն ու խորհրդածութիւնները։

Աբարէսիտայի սրբավայրին մէջ, չորեքշաբթի 24 յուլիսին մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց Քրիստոնիայի երեք յատկութիւններուն` ''Յոյս ունենալ, Աստուծոյ անակնկալները ընդունիլ եւ ապրիլ ուրախութեան մէջ։ ''

Հինգշաբթի 25 յուլիսի երեկոյեան ''Ընդունելութեան արարողութեան'' ընթացքին երիտասարդներու ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց զանոնք ըսելով` ''Հաւատք դիր, Յոյս դիր, Սէր դիր։'' Քրիստոսը դիր քու կեանքիդ մէջ, վստահութիւնդ դիր Անոր վրայ եւ երբե՛ք յուսախափ պիտի չի մնաս։ Հաւատքը մեր կեանքէն ներս յեղափոխութիւն մը կը յառաջացնէ որ մեր անձին կեդրոնականութեան տեղ Աստուած կը դնէ որպէս կեդրոն։ Հաւատքը մեզ կը մխրճէ Աստուծոյ սիրոյ մէջ որ մեզի կու տայ ապահովութիւն, ոյժ եւ յոյս։ Հաւատքը յեղափոխական է։

Ուրաբթ 26 յուլիսի երեկոյեան ճանապարհ խաչիի բարեպաշտական արարողութեան ընթացքին Քահանայապետը երիտասարդներուն ուղղեց երեք հիմնական հարցումներ։

Պրազիլի եպիսկոպոսներուն ուղղած իր երկարաշունչ ճառին մէջ, շաբաթ 27 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Պապը Եպիսկոպոսական կոչումին երեք յատկութիւններe նշեց` ''Կանչուած Աստուծմէ, Կանչուած Աւետարանը հռչակելու եւ Կանչուած հանդիպումի մշակոյթը զարգացնելու''։

Ապա Պրազիլի ղեկաւար դասակարգին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Պապը նշեց Պրարզիլի ընկերութեան երեք հիմնական յատկութիւնները, առաջին` մշակութային աւանդութեան հարազատութիւնը, երկրոդ` ապագան կերտելու համար զօրակից պատասխանատուութիւն եւ երրորդ ներկան դիմագրաւելու համար կառուցողական երկխօսութիւն։

Շաբաթ երեկոյեան Գոբաքապանայի տարածքին վրայ կայացած աղօթքի հսկումի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապը կեդրոնացաւ ''Հաւատքի Դաշտի'' իմաստի մասին որպէս ''սերմանումի դաշտ, մարզանքի դաշտ եւ շինարարական աշխատանքներու վայր''։

Եւ ի վերջոյ եզրափակիչ Սուրբ պատարագի ընթացքին 28 յուլիսի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն փոխանցեց ''միսիոնարական'' պատուէրը ներփակուած երեք բառերու մէջ ''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու''։








All the contents on this site are copyrighted ©.