2013-08-06 11:18:32

Իսրայէլ Պաղեստինցի Բանտարկեալներու Առաջին Խմբակը Ազատ Պիտի Արձակէ 13 Օգոստոսին


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սաէպ Օրէյքաթ լրագրողներուն յայտնած է, որ Իսրայէլ նախատեսուած 104 պաղեստինցի բանտարկեալներէն 26-ը ազատ պիտի արձակէ 13 օգոստոսին:
Ըստ անոր, բանտարկեալներու ազատ արձակման յաջորդ օրը տեղի պիտի ունենայ պաղեստինեւիսրայէլեան դէմ առ դէմ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը` եւրոպական երկրի մը տարածքին: Նշենք, որ իսրայէլացի բանագնաց, Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնի յայտարարած էր, որ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեան յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Իսրայէլի մէջ, իսկ ատկէ ետք` Պաղեստինի մէջ, եւ այդ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին երկու երկիրներուն մէջ` նոյն հերթականութեամբ:
Օրէյքաթ յայտնած է, որ Իսրայէլ համաձայն չէ գտնուած բոլոր 104 բանտարկեալները միաժամանակ ազատ արձակելու, ուստի անոնց ազատ արձակումը տեղի պիտի ունենայ չորս հանգրուաններով: Բանտի մէջ քսան տարի անցուցած 104 բանտարկեալները ազատ արձակելու մասին որոշումը Իսրայէլի կառավարութիւնը տուած էր 28 յուլիսին` իբրեւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն առաջ բարի կամեցողութեան դրսեւորում:







All the contents on this site are copyrighted ©.