2013-08-06 11:12:48

Եգիպտոսի Իշխանութիւնները Կը Յայտնեն, Որ Ներկայ Կացութեան Շարունակումը Պիտի Չարտօնեն


Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր յայտարարեց, որ պետութիւնը Գահիրէի Ռապիա Ատուիյա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ Իսլամ եղբայրներուն նստացոյցերը ցրուելու համար խաղաղ լուծման բոլոր առիթները կու տայ, սակայն անոնց շարունակումը պիտի չարտօնէ եւ ժողովուրդին կողմէ իրեն տրուած լիազօրութիւնը պիտի կիրարկէ:
Մանսուր յայտնեց, որ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամները նստացոյցերը ցրուելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին, եւ երբ պետութիւնը իր որոշումը որդեգրէ, զայն պիտի գործադրէ:
Եգիպտոսի վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի իր կարգին յայտնեց, որ ապահովական մարմինները փողոց պիտի վերադառնան միայն բռնարարքներու եւ ահաբեկչութեան կոչեր ուղղողներուն հետ վճռակամութեամբ վարուելու: Ան քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին ըսաւ, որ «երբեք ներկայ կացութեան շարունակումը պիտի չարտօնենք»:
Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Ուսամ Օրիան յայտնեց, որ Եգիպտոս երբեք ֆաշական պետութիւն պիտի չըլլայ եւ զինուորները անոր պիտի չիշխեն:
Ան աւելցուց, որ ժողովուրդը բոլոր ճակատամարտներուն մէջ յաղթանակ պիտի արձանագրէ, պիտի վերատիրանայ իր իրաւունքին եւ պաշտպանէ նախապէս կատարած իր ընտրանքները:
Միւս կողմէ, կառավարական աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ հանդիպում ունեցած է Իսլամ եղբայրներու փոխղեկավար Խայրաթ Շաթերի հետ: Պըրնզի կ’ընկերակցէին Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան մէկ յատուկ պատուիրակը:







All the contents on this site are copyrighted ©.