2013-08-05 11:54:56

''Սանդա Մարիա Մաճճորէ'' Հռոմի Աւագ Տիրամօր Նուիրուած Պապական Եկեղեցւոյ Տօնը։


431-ի Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովի աւարտին, որուն ընթացքին Սուրբ Կոյս Մարիամը հանդիսաւոր կերպով հռչակուեցաւ ''Աստուծոյ Մայր'', Սիկստիոս Գ Քահանայապետը կառուցել տուած է ''Սանդա Մարիա Մաճճորէ'' Եկեղեցին զայն նուիրագործելով Աստուածամօր, Հռոմի ''Էսքուիլինոյ'' շրջանի բլուրին վրայ։
''Սանդա Մարիա Մաճճորէ'' Հռոմի Աւագ Տիրամօր նուիրուած Պապական այս Եկեղեցին որ Հռոմի չորս պապական եկեղեցիներէն մին է եւ կը հանդիսանայ Արեւմուտքի ամէնահին սրբավայրը նուիրուած` Տիրամօր։
Աւանդութեան համաձայն Աստուածամայրը կը յայտնուի Լիպերիոս Քահանայապետին ու անորմէ կը խնդրէ իրեն ի պատիւ Եկեղեցի մը կառուցել ճիշդ այնտեղ ուր 5 օգոստոսին, ամարուայ մէջ, պիտի ձիւնէ։ Արդարեւ 5 օգոստոս 358-ին առաւօտեան սպիտակ ձիւնի գորգ մը կը տարածուի Էսքուիլինօ շրջանի բլուրին վրայ։ եւ Քահանայապետը կ՛որոշէ իրագործել Աստուածամօր պատուէրը ու անոր նուիրագործել առաջին սրբավայր մը որուն վրայ յետագային (432-ին) Սիկստիոս Գ Քահանայապետը կառուցեց Սանդա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան։
Այդ օրէն ամէն տարուայ օգոտոս 5-ին Եկեղեցին կը նշէ հրաշագործ դէպքին իրողութիւնը եւ կազմակերպուած արարողութիւններու ընթացքին կը վերակոչուի ''ձիւնի հրաշքը'' ''ծաղիկներու անձրեւի'' հանդիսութեամբ։
Երկուշաբթի 5 օգոստոս 2013-ին առաւօտեան ժամը 10-ին տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի Հանդիսաւոր արարողութիւնը զոր նախագահեց Պազիլիքայի Աւագերէցը` Կարտինալ Սանդոս Ապրիլ Ի Գասդէլլոն մինչ յետ միջօրէի ժամը 17,15-ին նախատեսուած է ժամասացութեան արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.